ՍՕՍԻ ԱՆԹԻՔԱՃԵԱՆԻ ՅՈՒՇԵՐՈՒ ԳԻՐՔԻՆ ՇՈՒՐՋ ԱՍՈՒԼԻՍ ՊՈՂԱԶԻՉԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Մեր համայնքի յայտնի ակադեմականներէն Սօսի Անթիքաճեանի յուշերու գիրքին շուրջ անցեալ շաբթուան մէջ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ Պողազիչի համալսարանէն ներս։ Սօսի Անթիքաճեան արդէն շուրջ 37 տարիէ ի վեր կը դասախօսէ նոյն համալսարանի Արեւմտեան լեզուներու եւ գրականութիւններու բաժնէն ներս։ «Իլեթիշիմ» հրատարակչութիւնը անցեալ տարի լոյս ընծայած էր Սօսի Անթիքաճեանի յուշերու գիրքը՝ «Geçmişimden Sesler ve Renkler» անունով։ Այս գիրքը թէեւ հեղինակին կողմէ յուշագրութեան մը ձեւաչափին մէջ գրի առնուած է, սակայն իր բովանդակութիւնով, մատուցման ձեւով, նաեւ վկայութիւններու նշանակութեամբ դասուած է՝ որպէս բանաւոր պատմութեան կարեւոր օրինակ մը։

«BU+» նախաձեռնութեամբ համալսարանի մտաւորական կենսունակութիւնը հասարակութեան հետ բաժնելու նպատակով կը կազմակերպուի հանդիպումներու շարք մը, որ կը կոչուի «Գիրքերու մէջ»։ Ծրագիրը կը վարէ Տոց. Էօզլէմ Կէօրէյ։ Ուրեմն, այս ծիրին մէջ Պողազիչի համալսարանէն ներս Սօսի Անթիքաճեանի գիրքին շուրջ տեղի ունեցաւ շահեկան զրոյց մը։ Անմիջական ասուլիսի մը ձեւաչափով հեղինակը ներկայացուց յուշերու գրի առնուելու եւ մշակման փուլերը։

Հաւաքոյթի ընթացքին Փրոֆ. Սօսի Անթիքաճեան պատմեց, որ իր գիրքը կը բովանդակէ բաւական ցաւալի դրուագներ, սակայն այդ բոլորը փոխանցելու ժամանակ շատ ուշադիր վարուած է՝ որպէսզի զգացականութեան սահմանը չհատէ։ Արդարեւ, իբրեւ բանասէր ան կը գիտակցի, որ սա անբաղձալի երեւոյթ մըն է։ Անթիքաճեան նշած է, որ մանկութեան ու երիտասարդութեան շրջանին շատ չէ մտածած իր հայկական ինքնութեան վրայ, սակայն իր տեսանկիւնէն ինքնութեան գիտակցութիւնը շատ յարաբերական եւ յարափոփոխ պարագայ մըն է։

Սօսի Անթիքաճեանի հետ հաւաքոյթը տեղի ունեցած է Պողազիչի համալսարանի վերատեսչութեան խորհրդաժողովներու սրահին մէջ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019