ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՄԵՐԳ

Աշխարհ վերջին օրերուն փոխուեցաւ… Քորոնաժահրը փոխեց մեր կենցաղը, ապրելակերպը։ Ամէն մարդ իր գործը կ՚ընէ առցանց ձեւով։ Ահաւասիկ խօսուն օրինակ մը եւս. երգիչներ իրենց տուներէն հեռարձակեցին առցանց համերգ մը։

Fox հեռուստաալիքը մարտի 29-ին հեռարձակեց առցանց համերգ մը, որու հանդիսավարն էր յայտնի երգիչ Էլթըն Ճոն։ Համերգը նուիրուեցաւ քորոնաժահրէն առաւել տուժած Միացեալ Նահանգներուն։ Իրեն միացան աշխարհահռչակ երգիչներ՝ Ալիշիա Քիյս, Պիլլի Էյլիշ, Պիլլի Ճօ Արմսթրոնկ, Քամիլլա Քապելօ, Մարիա Քերի, Թիմ ՄըքԿրոու ու նաեւ Backstreet Boys-ը, որ կատարեց 90-ականներու հիթ «I want it that way» երգը։

Իւրաքանչիւր երգիչ իր ելոյթը կատարեց իր բնակարանէն, ապա բոլորը ձայնագրուեցան տեսաձայնագրման սարքաւորումներու վրայ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2020