ԱՔԱՐ-ՕՍԹԻՆ ԶՐՈՅՑ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթինի հետ։ Երկու նախարարները զրոյցի ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ ունեցան տարածքաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ նիւթերու շուրջ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, անոնք անդրադարձան նաեւ պաշտպանութեան ոլորտէ ներս Անգարա-Ուաշինկթըն համագործակցութեան ընթացքին։ Աքար Օսթինը կրկին շնորհաւորեց՝ Փենթակոնի ղեկը ստանձնելու կապակցութեամբ։

Տեսակցութեան ընթացքին նախարարները կանգ առին կողմերու յարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթի կարեւորութեան վրայ։ Անոնք շեշտը դրին տարածքաշրջանային եւ համաշխարհային անվտանգութեան հարցերուն շուրջ համատեղ ըմբռնում մը զարգացնելու վրայ։ Նախարարները մատնանշեցին առկայ խնդիրներու ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցային ոգիի յարիր ձեւով լուծում ապահովելու նշանակութիւնը։

Աքար եւ Օսթին վերահաստատեցին երկկողմանի զինուորական յարաբերութիւնները ամրապնդելու ճանապարհին աւելի սերտ համագործակցութեան եւ համակարգումի ուղղութեամբ իրենց հաւատարմութիւնը։

Շաբաթ, Ապրիլ 3, 2021