ՄՈՍԿՈՒԱ, 7 ԱՊՐԻԼ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Մոսկուա։ Ապրիլի 7-ին նախատեսուած է իր հանդիպումը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ բացատրութիւններ տուաւ Փաշինեան-Փութին մօտալուտ տեսակցութեան օրակարգին շուրջ։ Այսպէս, բանակցութիւններու ժամանակ նախ եւ առաջ պիտի քննարկուի Արցախի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան կատարման ընթացքը։ «Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ աշխոյժ երկխօսութիւն կ՚ընթանայ», ըսաւ Փեսքով։

Փաշինեանի աշխատանքային այցելութեան ժամանակ պիտի շօշափուին նաեւ հարցեր՝ Անդրկովկասի փոխադրական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման մասին։ Նախատեսուած է կարծիքի փոխանակում Հայաստանէ ներս սկիզբ առած կանխահաս ընտրութեան գործընթացին շուրջ։ Փաշինեանի եւ Փութինի ուշադրութեան առարկայ կը դառնան նաեւ Երեւան-Մոսկուա համագործակցութեան արդիական զանազան հարցերը։

Փաշինեանի բանբերը՝ Մանէ Գէորգեան տեղեկացուց, որ դէպի Մոսկուա ուղեւորութեան ընդառաջ վարչապետը անցած է ինքնամեկուսացման դրութեան, կ՚աշխատի ծրագրուած օրակարգով, բացի անձնական ընդունելութիւններէ եւ հանրային ձեռնարկներէ։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքօ յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս տնտեսական ուղիներու եւ փոխադրական կապերու ապաշրջափակումը շահաւէտ է բոլոր կողմերուն համար։ «Տարածքաշրջանը տեւական ժամանակ տառապած է եւ հիմա ալ կը տառապի շրջափակումներէ եւ բնականոն գործընթացներու անհնարինութենէն։ Այսօր նշաններ կան, թէ ճիշդ ուղղութեան վրայ ենք», նշեց ռուս դիւանագէտը։

Շաբաթ, Ապրիլ 3, 2021