ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՇՓՈՒՄ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որու ընթացքին քննարկուեցան սահմանի ճշգրտման վերաբերեալ հարցեր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, սահմանի հարաւ-արեւելքի Տեղ-Կոռնիձոր հատուածէ ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ հանդիպման ընթացքին իրականացած են սահմանի ճշգրտման ուղղեալ աշխատանքներ, որոնց հիման վրայ տուեալ հատուածէն ներս իրավիճակը էականօրէն բարելաւուած է։

Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, աշխատանքները ընթացքի մէջ են եւ արդիւնքներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուին։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճան կը շարունակէ պաշարման տակ պահել Արցախը։ Մինչ Լաչինի միջանցքը կը մնայ փակ, Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները շաբաթավերջին դարձեալ կրակած են Արցախի վրայ՝ միշտ խախտելով հրադադարը։

Բաց աստի, շաբաթավերջին, Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ դարձեալ հիւանդներ տեղափոխուած են Արցախէն դէպի Հայաստան:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 3, 2023