«ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԱՉՔԸ» ՖԻԼՄԸ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԵՑԱՒ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ

Աշ­խար­հահռ­չակ լու­սան­կա­րիչ Ա­րա Կիւ­լէ­րի կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան ձօ­նուած «Իս­թան­պու­լի աչ­քը» խո­րագ­րեալ փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նը ցու­ցադ­րուե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ։ Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ 11-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուած Հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի ժա­պա­ւէն­նե­րու փա­ռա­տօ­նին շրջագ­ծով, «Beverly Hills Laemmle's Music Hall»ի եր­դի­քին տակ ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ այս յատ­կան­շա­կան գոր­ծը, որ լոյս կը սփռէ Ա­րա Կիւ­լէ­րի ա­ւե­լի քան վաթ­սուն տա­րուան նկար­չա­կան գոր­ծու­նէու­թեան վրայ։

Հարկ է յի­շեց­նել, որ «Իս­թան­պու­լի աչ­քը»ին հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռա­ջին ներ­կա­յա­ցու­մը մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին տե­ղի ու­նե­ցած էր Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ, ուր կազ­մա­կե­պուած Ան­կախ շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նին շրջագ­ծով այդ մէ­կը նուա­ճած էր լա­ւա­գոյն գոր­ծի մրցա­նա­կը։

Լոս Ան­ճե­լըի ներ­կայ փա­ռա­տօ­նին շրջագ­ծով կը ներ­կա­յա­ցուի քսան եր­կիր­նե­րէ քա­ռա­սուն­հինգ ժա­պա­ւէն­ներ։ Մա­յի­սի 5-ին յայտ­նի պի­տի դառ­նան մրցա­նա­կա­կիր­նե­րը։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 3, 2016