ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մայրավանքի գրասենեակին մէջ ընդունեց Նորվեկիոյ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ Պորկի Եպիսկոպոս Ատլէ Սոմըրֆելտը։ Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր Կաթողիկոսարանի Միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։ Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հիւրին լայն տեղեկութիւն տուաւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան մասին։
Ատլէ Եպիսկոպոս, որ երկար տարիներ Նորվեկիոյ Եկեղեցւոյ Օժանդակութիւններու յանձնախումբի ատենապետը եղած է, անդրադարձաւ գաղթականութեան հարցին։ Արամ Ա. Կաթողիկոս հաստատեց, որ Սուրիոյ պատերազմի պատճառով քրիստոնեայ համայնքներուն համար բաւական դժուարին կացութիւն ստեղծուած է։ Քրիստոնեայ գաղթականներ համախմբուած են իրենց եկեղեցիներուն եւ համայնքային ընկերային ծառայութեան կազմակերպութիւններուն ու կառոյցներուն շուրջ, որոնք առաւելագոյն չափով կը փորձեն օժանդակել եւ կազմակերպել գաղթականներուն կեանքը։
Տեսակցութեան ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ Միջին Արեւելքէ ներս հայ համայնքներուն, Ղարաբաղի եւ Ապրիլ ամսուան ընթացքին Ատրպէյճանի կատարած նախայարձակումներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան մասին։