ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԼՈՒԾՈՒՄ ՉԷ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան յայ­տա­րա­րեց, որ պա­տե­րազ­մը լու­ծում չէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան հա­մար, պէտք է գտնել բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ ու­ղի­ներ։ Դէ­պի Ֆին­լան­տիա կա­տա­րած պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Հել­սին­քիի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ Այս առ­թիւ ան ման­րա­մաս­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան ու վեր­ջին շրջա­նի լա­րուած ի­րադ­րու­թեան։ Ըստ ի­րեն, ժա­մա­նակն է, որ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը յստակ քայ­լե­րով կար­գի հրա­ւի­րէ Ատր­պէյ­ճա­նը։ Հել­սին­քիի մէջ Նալ­պան­տեան ղա­րա­բա­րեան հար­ցը քննար­կեց նաեւ իր պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Ֆին­լան­տիոյ Փոխ-վար­չա­պետ ու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Թի­մօ Սոի­նի­նի հետ։

Մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ուղ­ղեալ առ­կայ խտա­ցեալ սպա­սում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի եւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով հեր­թա­կան ան­գամ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին անդ­րա­դար­ձան՝ ի­րենց հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին։ Պարզ է, որ Քե­րի եւ Լաւ­րով մի­ջազ­գա­յին հրա­տապ օ­րա­կար­գին բե­րու­մով յա­ճախ կապ կը պա­հեն հե­ռա­ձայ­նով։ Վեր­ջին քա­նի մը օ­րե­րուն ըն­թաց­քին ա­նոնք ար­դէն երկ­րորդ ան­գամ կանգ ա­ռած են հայ-ա­զէ­րի հա­կա­մար­տու­թեան վրայ։ Եր­կու նա­խա­րար­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին շուրջ։

Միւս կող­մէ, Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րուն կող­մէ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին ա­նընդ­հատ։ Շա­բա­թա­վեր­ջին հայ­կա­կան կող­մը ու­նե­ցաւ նոր զո­հեր, մինչ այդ ա­ւե­լի ա­ռաջ զի­նեալ դի­մա­կա­յու­թեան հե­տե­ւան­քով վի­րա­ւո­րուած 20-ա­մեայ զի­նուոր մըն ալ նա­հա­տա­կուե­ցաւ։ Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ ներ­կա­յիս դէ­պի Ար­ցախ զօ­րակ­ցու­թեան այց մը կու տայ Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին նա­խա­գահ Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեան, իր հետն ու­նե­նա­լով Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ա­ռա­ջին նա­խա­գահ Բաբ­գէն Ա­րարք­ցեա­նը։ 2007 թու­կա­նէն ի վեր ա­ռա­ջին ան­գամ Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեան կ՚այ­ցե­լէ Ար­ցախ։ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ ան կը հիւ­րըն­կա­լուի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի կող­մէ։

Երեքշաբթի, Մայիս 3, 2016