ՌԱԶՄԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ՑԱՆԿ

Պոն­նի պայ­մա­նագ­րի մի­ջազ­գա­յին կեդ­րո­նի 2015 թուա­կա­նի զե­կոյ­ցին հա­մա­ձայն՝ Հա­յաս­տան աշ­խար­հի ա­մե­նա­ռազ­մա­կա­նա­ցած եր­րորդ եր­կիրն է։ BBC-ի հա­ղոր­դում­նե­րու հի­ման վրայ «Ար­մէնփ­րէս» տե­ղե­կա­ցուց, թէ այդ ցու­ցա­կը կը գլխա­ւո­րէ Իս­րա­յէլ, ո­րուն կը յա­ջոր­դէ Սին­կա­փուր։ Նոյն ցու­ցա­կի ա­ռա­ջին տաս­նեա­կին վրայ եր­րորդ հո­րի­զո­նա­կա­նին Հա­յաս­տա­նին կը յա­ջոր­դեն Յոր­դա­նան, Հա­րա­ւա­յին Քո­րէա, Ռու­սաս­տան, Յու­նա­կան Կիպ­րոս, Ատր­պէյ­ճան, Քուէյթ եւ Յու­նաս­տան։ Զե­կոյ­ցին մէջ ընդգ­ծուած է, որ այս ա­ղիւ­սա­կին վրայ ընդգր­կուած եր­կիր­նե­րու պա­րա­գա­յին ռազ­մա­կան ո­լոր­տի ծախ­սե­րը խստօ­րէն կա­նո­նա­կար­գուած են եւ կը կա­րե­ւո­րուին՝ ու­րիշ բնա­գա­ւառ­նե­րու բաղ­դատ­մամբ։

Պոն­նի պայ­մա­նագ­րի մի­ջազ­գա­յին կեդ­րո­նը աշ­խար­հի 152 եր­կիր­նե­րը դա­սա­ւո­րած է ըստ քա­նի մը չա­փա­նիշ­նե­րու, ո­րոնք են երկ­րի ռազ­մա­կան ո­լոր­տի ծախ­սե­րու եւ անձ­նա­կազ­մի կամ ընդ­հա­նուր քա­ղա­քա­ցիա­կան ո­լոր­տի ծախ­սե­րու եւ անձ­նա­կազ­մի հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րը, զօր­քե­րու, ծանր սպա­ռա­զի­նու­թեան ու բնակ­չու­թեան քա­նա­կի յա­րա­բե­րու­թիւ­նը։

Նոյն զե­կոյ­ցին մէջ անդ­րա­դարձ կա­տա­րուած է նաեւ ա­մե­նա­ռազ­մա­կա­նա­ցուած տա­րած­քաշր­ջան­նե­րուն, ո­րոնց շար­քին յա­ռա­ջա­տարն է Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քը։ Նշուած է, թէ Եւ­րո­պա­յի մէջ եւս մա­կար­դա­կը բարձր է՝ Ուր­քայ­նոյ ճգնա­ժա­մին եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան հե­տե­ւան­քով։ Զե­կոյ­ցին մէջ ար­ձա­նագ­րուած է, թէ Հա­յաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին բե­րու­մով մեծ մի­ջոց­ներ կը ներդ­նեն եր­կիր­նե­րու զի­նեալ ու­ժե­րը ընդ­լայ­նե­լու եւ ար­դիա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։

Ըստ զե­կոյ­ցի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, Իս­րա­յէ­լը, Սին­կա­փուրն ու Հա­յաս­տա­նը եր­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով կը մնան աշ­խար­հի ե­րեք ա­մե­նա­ռազ­մա­կա­նա­ցուած եր­կիր­նե­րը: Այս տուեալ­նե­րը կը հա­ղոր­դուին Պոն­նի հա­մա­ձայ­նագ­րի մի­ջազ­գա­յին կեդ­րո­նի Global Military Index զե­կոյ­ցով:

Զե­կոյ­ցը կազ­մուած է հա­շուի առ­նե­լով հա­զար հո­գիի հաս­նող զի­նուո­րա­կան­նե­րու ռազ­մա­կան ծախ­սեր-Հա­մընդ­հա­նուր ներ­քին ար­տադ­րու­թիւն (GDP) եւ ռազ­մա­կան ծախ­սեր-ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան ծախ­սեր յա­րա­բե­րակ­ցու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ զի­նուո­րա­կան­նե­րու թի­ւի ու ծանր սպա­ռա­զի­նու­թեան քա­նա­կի ցու­ցա­նիշ­նե­րը, ըստ ո­րոնց՝ Հա­յաս­տան ա­մե­նա­ռազ­մա­կա­նա­ցուած եր­կիրն է Եւ­րո­պա­յի մէջ: Երկ­րորդ տե­ղը կը գրա­ւէ Ռու­սաս­տան, եր­րոր­դը՝ Յու­նա­կան Կիպ­րոս, չոր­րոր­դը՝ Ատր­պէյ­ճան, որ հա­մաշ­խար­հա­յին դա­սա­կարգ­ման մէջ, 2015-ի դրու­թեամբ՝ կը գտնուի 8-րդ դիր­քին վրայ:

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի հա­սա­րա­կու­թեան օ­րա­կար­գին վրայ ներ­կա­յիս ան­մի­ջա­կան տեղ կը զբա­ղեց­նէ նաեւ Ռու­սաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ ու­րիշ խնդիր մը։ Ար­դա­րեւ, ան­ցեալ ա­մառ յայ­տա­րա­րուած էր, թէ Ռու­սաս­տան 200 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար վարկ յատ­կա­ցու­ցած է Հա­յաս­տա­նին՝ ար­դիա­կան սպա­ռա­զի­նու­թեան ա­պա­հով­ման հա­մար։ Վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը վկա­յեն, թէ այդ զէն­քե­րը տա­կա­ւին չեն յանձ­նուած Հա­յաս­տա­նին, ինչ որ առ­կայ պա­տե­րազ­մա­կան ի­րա­վի­ճա­կին մէջ ու­նի ճա­կա­տագ­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն։ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեանն ալ նա­խըն­թաց օր Մոս­կուա­յի մէջ ակ­նար­կած էր այս հար­ցին։ Ո­րոշ քա­ղա­քա­գէտ­ներ կը պնդեն, որ Ռու­սաս­տան մի­տում­նա­ւոր կը ձգձգէ այդ զէն­քե­րու ա­ռա­քու­մը, իսկ ներ­կայ պա­տե­րազ­մա­կան ի­րա­վի­ճա­կին մէջ այս խնդի­րը ա՛լ ա­ւե­լի սուր նշա­նա­կու­թիւն կը ստա­նայ։

 

Երեքշաբթի, Մայիս 3, 2016