ԱՄԻՐԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ

Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան երէկ տեղեկացուց, որ հրաժարած է իր պաշտօնէն։ Կառավարական փոփոխութեան ներկայ գործընթացներու պայմաններուն ներքեւ ան վերջին շրջանին կը պաշտօնավարէր պաշտօնակատարի կարգավիճակով։ Հրաժեշտի փուլին Արմէն Ամիրեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք համագործակցած էին իրեն հետ։

Արմէն Ամիրեան վերջին շրջանին Հայաստանի կառավարութեան կազմէն ներս դրական գործունէութիւն ծաւալած նախարարներէն մին եղած էր։ Յաջորդելով երկար ժամանակ պաշտօնավարած Յասմիկ Պօղոսեանին՝ ան իր ոճով նոր հարթութեան մը վրայ դրած էր Մշակոյթի նախարարութեան գործունէութիւնը։ Որպէս անձ, որ մասնագիտութեամբ զանգուածային լրատուութեան ոլորտէն կու գար, Արմէն Ամիրեան համապատասխան տեսլականով մը վարած էր իր պաշտօնը։

Հինգշաբթի, Մայիս 3, 2018