ԴՐԱԿԱՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵՐ

Յեղափոխութիւնով պայմանաւորուած արտասովոր իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ, երէկ, ի վերջոյ Հայաստանէն սկսան դրական ազդանշաններ հասնիլ՝ ներքին քաղաքական տագնապի յաղթահարման համար նախադրեալներու ստեղծման առումով։ Մայիս 1-ին Հայաստանի խորհրդարանը չէր կրցած ընտրել երկրի նոր վարչապետը, ինչ որ վերջնական փակուղիի մը կրնար տանիլ երկիրը։ Երէկ, բարեբախտաբար, Հայաստանի քաղաքական կեանքէն ներս իրադարձութիւնները ստացան յարաբերաբար աւելի տարբեր ուղղութիւն մը։ Այս իրավիճակին մէջ ուրուագծուեցաւ լուծման հորիզոն մը։ Կուսակցութիւններու միջեւ շփումները, քաղաքական ուժերու երկխօսութիւնները շարունակուեցան։

Ազգային ժողովէ ներս մեծամասնութեան տէր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) խորհրդարանական խմբակցութիւնն ալ երէկ գումարեց ժողով մը։ Հրաժարեալ վարչապետ Սերժ Սարգսեանն ալ մասնակցեցաւ այս ժողովին՝ որպէս ՀՀԿ-ի կուսակցապետ։ ՀՀԿ-ի խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Վահրամ Պաղտասարեան այս նիստէն վերջ հանդէս եկաւ շատ կարեւոր յայտարարութեամբ։ Ան տեղեկացուց, որ ՀՀԿ որոշած է 8 Մայիսին խորհրդարանէն ներս տեղի ունենալիք երկրորդ քուէարկութեան ժամանակ սատարել Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետի թեկնածութեան։ Այս որոշումը լայն արձագանգ ստեղծեց, որովհետեւ ճանապարհ կը հարթէ երկրի քաղաքական կեանքէն ներս յառաջացած տագնապի յաղթահարման տեսակէտէ։

Երէկ, ամբողջ Հայաստանի մէջ քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումով տեղի ունեցան բողոքի մեծ ցոյցեր։ Կեանքը գրեթէ կաթուածահարուած էր։ Այս իրավիճակին մէջ, երեկոյեան ժամերուն, մայրաքաղաք Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ յեղափոխական առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի հանրահաւաքը։ Ան դարձած է Հայաստանի տեսակէտէ միանշանակ կերպար մը։ Վերջին զարգացումներու լոյսին տակ, մանաւանդ ՀՀԿ-ի կողմէ հրապարակուած դիրքորոշման ալ բերումով, Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկրէն ներս կանգ կ՚առնեն քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումները։ Ան այս շրջանին յայտնուած է նաեւ միջազգային զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուշադրութեան կիզակէտին։ Ռուսական «Քոմերսանթ» յայտնի թերթն ալ հարցազրոյց մը հրատարակեց յեղափոխական առաջնորդին հետ։ «Ամէն պարագայի մէջ մենք պիտի յաղթենք», ըսաւ Փաշինեան, որ խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն շուրջ։ Իր խօսքով՝ այդ յարաբերութիւններուն մէջ կան խնդիրներ, որոնց շուրջ պէտք է խօսիլ ու լուծում գտնել։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլիի եւ Եւրոմիութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ։ Արմէն Սարգսեան եւ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի զրուցեցին Հայաստանէ ներս ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ Անոնք անդրադարձան նաեւ հայ-վրացական համագործակցութեան օրակարգի հարցերուն։ Նախագահ Սարգսեան Մոկերինիին հետ եւս քննարկեց Հայաստանէ ներս ստեղծուած քաղաքական իրավիճակը։ Զրուցակիցները կարեւորեցին խնդրի հանգուցալուծումը շինիչ երկխօսութեան միջոցաւ՝ բացառապէս Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու շրջանակներէն ներս։ Մոկերինի վերահաստատեց Եւրոմիութեան աջակցութիւնը՝ բարեկեցիկ եւ ժողովրդավարական հասարակութիւն մը կառուցելու ուղղեալ Հայաստանի ջանքերուն համար։

Արմէն Սարգսեան-Ֆետերիքա Մոկերինի հեռախօսազրոյցէն առաջ Եւրոմիութիւնը յայտարարութիւնով մըն ալ հանդէս եկած էր Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ «Չափազանց կարեւոր է, որ բոլոր կողմերը, ներառեալ իրաւապահ մարմինները եւ անոնք, որոնք կ՚իրականացնեն հաւաքի եւ խօսքի ազատութեան իրենց իրաւունքը, խուսափին առճակատումէ եւ ցուցաբերեն զսպուածութիւն ու պատասխանատուութիւն, ինչպէս էր վերջին օրերուն ընթացքին։ Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ յորդորել շահագրգիռ բոլոր կողմերուն, ներառեալ քաղաքացիական հասարակութեան, անցնիլ համապարփակ երկխօսութեան՝ յանուն նոր կառավարութեան ժողովրդավարական եղանակով կազմաւորման՝ ըստ Սահմանադրութեան ու բոլոր հայերու շահերուն», ըսուած էր յայտարարութեան մէջ։

Հայաստանէ ներս ստեղծուած տագնապի յաղթահարման որոնումներու ծիրէն ներս, նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ձեռնարկեց նաեւ խորհրդակցութիւններու՝ խորհրդարանէն ներս ներկայացուած երեսփոխանական խմբակցութիւններու ղեկավարներուն հետ։

Հինգշաբթի, Մայիս 3, 2018