ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՍՏԱՏ ՔԱՅԼԵՐՈՎ ԴԷՊԻ ԼՈՒԾՈ՞ՒՄ

Եթէ անկիւնադարձային ու «չհաշուառուած» իրադարձութիւններ չպատահին, ապա յառաջիկայ 8 Մայիսին Նիկոլ Փաշինեան պիտի ընտրուի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ: Փաշինեանի վարչապետ ընտրուելու հարցը «կը պարզուէր», երբ երէկ ուշ երեկոյեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տրուած հարցազրոյցի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեան այս անգամ առանց «բառախաղ»ի դիմել կը փոխանցէր, որ իրենք որպէս կուսակցութիւն կը պատրաստուին իրենց քուէն տալ Նիկոլ Փաշինեանին:

Բաւական ծանր, լարուած եւ «անհեռանկար» օրէ մը ետք Հայաստան այս լուրը այսօր կը դիմաւորէ մեծ ոգեւորութեամբ:

Երէկ այլ մթնոլորտ կը տիրէր երկրին մէջ եւ երեք շաբաթներէ ի վեր ընթացք առած բողոքի հաւաքներն ու անհնազանդութեան քայլերը սկսած էին հունէ դուրս գալու նշաններ ցոյց տալ: Ճիշդ է, որ Երեւանի տարբեր հատուածներուն, հրապարակներուն եւ խաչմերուկներուն վրայ հայրենի ժողովուրդը յաճախ զարմացնելով իրադարձութիւններուն հետեւող միջազգային զանգուածային լրատուութեան միջոցները տօնական մթնոլորտի մը մէջ էր, որ կ՚արտայայտէր իր բողոքը, սակայն ակներեւ էր, որ Ազգային ժողովին մէջ Փաշինեանի վարչապետ ընտրուելու գործընթացի տապալումէն ետք հանրութիւնը կրնար դիմել այնպիսի քայլերու, որոնք պիտի դառնային անվերահսկելի:

Սերժ Սարգսեանի հրաժարումէն ետք ստեղծուած էր նոր իրավիճակ: Փաշինեան, որպէս վարչապետի թեկնածու հանդիպումներ ունեցած էր բոլոր կողմերուն, ընդ որում խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումներու աւարտին ալ գոյացած էր բաւական դրական մթնոլորտ մը, որուն հիմքով բոլոր կողմերը «միահամուռ» կերպով պիտի օժանդակէին, որ Փաշինեան ընտրուի եւ փողոց դուրս բերուած տագնապը քաղաքական բեմահարթակ վերադառնայ:

Հանրապետականը, որ չէր յայտարարած, թէ իր քուէները Փաշինեանին պիտի տայ, այլ ըսած էր, որ «պիտի չխանգարէ» ընտրութիւնը, հանդէս կու գար ժխտական կեցուածքով եւ անոր անդամ երեսփոխանները «միահամուռ» կերպով կը կատարէին «հրաման»ը եւ Փաշինեանին դէմ քուէարկելով կը տապալէին ընտրութիւնը:

Այդ օր ընտրուողը Փաշինեանի անձը չէր, այլ Հայաստանի Հանրապետութեան կայունութիւնը:

Ինչպէս նոյնինքն Փաշինեան ըսած էր զանազան առիթներով, անհատներու խնդիր չէր, որ դրուած էր Ազգային ժողովին առջեւ, այլ երկրին մէջ փոփոխութիւնները անցնցում կերպով ամրագրելու հրամայական մը, որուն մէջ Փաշինեան ընդամէնը լծակ պիտի դառնար եւ «օգնէր», որպէսզի երկիրը նոր հունի մը անցնի:

Շատեր, որոնց մէջ նաեւ Հանրապետական կուսակցութեան անդամներ ու հետեւորդներ, չէին ուզեր հաւատալ, որ երկիրը նոր փուլ մը մտած է, եւ մինչեւ Ապրիլի 17-ը, որպէս իշխանական ուժ ներկայացող եւ Հայաստանը վերջին տասն տարիներուն կառավարած կուսակցութիւնը՝ դադրած էր երկիրը ղեկավարելու լծակները իր ձեռքերուն մէջ ունեցող կուսակցութիւն մը ըլլալէ:

Այդ փոփոխութիւնը արձանագրուած փաստ էր եւ այդ մէկը տեղի ունեցած էր անդառնալիօրէն: Այդ կուսակցութիւնը «փրկելու» վերջին առիթը 1 Մայիսի նիստն էր, ուր եթէ Հանրապետականը խելամիտ գտնուէր Փաշինեանը ընտրելով, «կը փրկէր» իր ընդհանուր «իմըճ»ը: Բայց այդպէս չէր ըլլար:

Ամէն պարագայի երկրէն ներս տիրող լարուած մթնոլորտին մէջ կուսակցութիւններու ճակատագիրը կը դառնայ երկրորդական: Հանրապետականի իշխանութեան վրայ ըլլալ-չըլլալու խնդրէն անդին կը բացուէր նոր փուլ մը, որուն մէջ ալ ան այլեւս առաջուան նման ազդեցիկ ուժ մը ըլլալու կռուանները չունի:

Քաղաքական կեանքին մէջ յաճախ կը կատարուին այնպիսի արարքներ, որոնք անկանխատեսելի են:

 Հայաստանի ժողովուրդը «յոգնած էր» ՀՀԿ-էն ու անկանխատեսելի էր, որ նոյնինքն Նիկոլ Փաշինեան կարողանայ այդ «ատելութիւն»ը քաղաքական միաւորի վերածել եւ ատոր շուրջ համախմբել ամբողջ երկիրը: Ոչ միայն իր համակիրները, դաշնակից ուժերը, անդամները, բարեկամները, այլ բառին բուն իմաստով ամողջ երկիրը, ամբողջ Հայաստանը: Փաշինեանի յաջողութեան մասին բացայայտ կերպով կ՚արտայայտուէր Հանրապետական կուսակցութեան աչքառու գործիչներէն, նախկին կրթութեան նախարար Արմէն Աշոտեան Մայիս 1-ի նիստին բառացիօրէն կ՚ըսէր. «Նիկոլ, դուն այս անգամ յաջողեցար»: Այդ յայտարարութիւնը «սովորական» յայտարարութիւն մը չէր, այլ ձեւով մը ընդունումը, որ Հանրապետականը առաջուան դերը պիտի չունենայ:

Եւ ով կրնայ իրավիճակը աւելի ճիշդ բնութագրել, եթէ ոչ տան տէրն ու տան բանալին ունեցողը:

Աշոտեանի խօսքը բոլոր «հանրապետականներ»ուն խօսքն էր ու նաեւ անոնց, որոնք երէկ Հայաստանի նոյնիսկ ամենահեռաւոր քաղաքներուն մէջ իրենց անդամաքարտը տալով կը հրաժարէին կուսակցութենէն:

Հայաստանի քաղաքական իրավիճակը այսպիսին է այսօր: Անշուշտ տակաւին առիթ կայ քննարկելու եւ վերլուծելու, թէ ի՛նչ պատահեցաւ ու ինչպէ՛ս պատահեցաւ, որ Հանրապետականը մէկ օրուան մէջ իր կեցուածքը փոխելով յայտարարեց, որ պիտի քուէարկէ ի նպաստ Փաշինեանին:

Ինչպէս ինք՝ Փաշինեան, այնպէս ալ Հանրապետականը հանդէս եկաւ անկանխատեսելի կեցուածքով մը, փրկելու համար Հայաստանը ծանրագոյն հետեւանքներ ունեցող եւ անդառնալի կորուստներու տանող մեծ տագնապի մը ստուերէն, որ երէկ երեւելի սկսած էր դառնալ Երեւանի մէն մի անկիւնի մէջ:

Հայաստան նոր փուլ մը կը մտնէ եւ այդ փուլի առաջին կայարանը 8 Մայիսն է, որ նաեւ Մայիսեան եռատօնի նախորդող օրն է:

Ստեղծուած պահը պատմական ըլլալու բոլոր տուեալները ունի:

Սպասենք…

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 3, 2018