ՍԷՈՒԼԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Սէուլ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Ճայի կողմէ։ Բանակցութիւններէն վերջ ստորագրուեցան շարք մը փաստաթուղթեր, որոնց նպատակն է զարգացնել երկկողմանի համագործակցութիւնը։

Պաշտօնական այցելութեան առթիւ կատարուած նախագահներու համատեղ յայտարարութիւններուն մէջ ընդգծուեցաւ, որ կողմերը համակարծիք են իրենց համագործակցութեան ապագայ զարգացման ուղղութեամբ։

Բացի Հարաւային Քորէայի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն, Էրտողան Սէուլի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ այդ երկրի գործարար աշխարհէն յառաջատար ներկայացուցիչներու հետ։

Հինգշաբթի, Մայիս 3, 2018