«ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ԴԵՐԸ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԵՐՈՒՆ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՄԷՋ»

Ապրիլ 29-30 թուականներուն, Օմանի սուլթանութեան մէջ, Արաբական ծոց, տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը՝ նուիրուած կրօններու եւ անոնց մասնակցութիւնը հաւաքական կեանքերու հաշտութիւն եւ համերաշխութիւն ստեղծելու գործընթացին մէջ։ Գիտաժողովը կազմակերպուած էր «Ալ Ամանա» քրիստոնէական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, եւ որ կը ձգտի ստեղծել կրօններու միչեւ գոյակեցութիւն՝ զիրար հասկնալու միջոցառումներ կազմակերպելով։ «Ալ Ամանա» Օմանի սուլթանութեան մէջ արձանագրուած է որպէս ոչ-հասութաբեր եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն մը, որուն յայտագիրները կ՚ընդգրկէ խաղաղութեան միջոցառումներ ձեռնարկել, կրօններու եւ մշակոյթներու հետ եւ իրարու միջեւ երկխօսութիւններու ճամբով եւ զիրար հասկնալու ու ճանչնալու յայտագիրներով։

Գիտաժողովին ներկայ էին երեսունեւհինգ մասնակիցներ, որոնք կու գային տարբեր երկիրներէ, ինչպէս տարբեր կրօններու կղերականներ, համալսարանական դասախօսներ, ակադեմական գործիչներ եւ ընկերային-մշակութային կազմակերպութիւններու վարիչներ։ Զեկուցողները ներկայացուցին զանազան նիւթեր. ինչպէս՝ կրօնք եւ հաշտութիւն, սուրբգրային գիրքերու դերը հաշտեցումի եւ զիրար ճանչնալու մէջ, հաշտութիւն հաւաքականութիւններու մէջ եւ հաշտութիւն ու ճանաչում խորագիրներով։

Արաբական ծոցի աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղարը՝ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, որ կը մասնակցէր այս գիտաժողովին՝ ներկայացուց «Աստուածաշունչ մատեանը կարդալու եւ ընկալելու գործընթացը եւ անոր ներդրումը՝ ճանչնալու համար ուրիշը»։

Տքթ. Ճէպէճեան խօսեցաւ հաւաքականութիւններու տարբերութիւններու մասին՝ մատնանշելով լեզուն եւ մշակոյթը որպէս տարբերութիւններու գլխաւոր հիմքերէն։ Եւ իւրաքանչիւր անհատ եւ հաւաքականութիւն կ՚ապրի իր լեզուի եւ մշակութային սովորութիւններու բովանդակութեան մէջէն, եւ որ նաեւ ժառանգած է իր պատմութենէն եւ սովորութիւններէն։ Եւ այս իմաստով՝ մշակոյթը իւրաքանչիւր հաւաքականութեան կեանքերուն կու տայ վերլուծում՝ ապրելու իրենց կեանքերը իրենց գիտակցութեան ընդմէջէն։ Եւ այս իմաստով ան շեշտեց, թէ քրիստոնէական Աստուածաբանութիւնը եւ Աստուածաշունչը կ՚օգնէ, որպէսզի հաւաքականութիւններ իրենց կեանքերը ապրին իրենց սովորութիւններուն մէջէն եւ անոր հարազատութեամբ։

Ան ապա ակնարկեց Աստուածաշունչի էութեան եւ խորքային հասկացողութիւններուն եւ թէ ինչպէս ընթերցողին կարդացած լեզուն եւ անոր պատկանած մշակոյթը իրենց ազդեցութիւնը կ՚ունենան հասկնալու եւ ընկալելու անոր բովանդակութիւնը։ Ան բացատրեց, թէ Աստուածաշունչը կարդալը եւ այդ կարդացած հատուածին հասկացողութիւն-ընկալումը եւ անոր յանձնառութիւնը՝ կեանքեր փոխելու իրականութեան եւ այդ փոխուած կեանքերը ապրելու հաւաքականութիւններու զանազան մարտահրաւէրներու մէջէն կը կայանայ։ Եւ այս փոխուած կեանքերուն մէջէն է, որ կրնաս թիավարել կեանքի բոլոր ելեւէջներու մէջէն՝ մարդը ինք իր ինքնութեանը մէջէն, բայց նաեւ ճանչնալով «օտարը»՝ իմա «ուրիշը»՝ որ տարբեր է եւ ընդունիլ զինք իր տարբերութիւններուն ընդմէջէն։ Եւ Աստուածաշունչի այս փոխող կեանքը կ՚օգնէ անհատին, որպէսզի կարենայ հասկնալ՝ բայց նաեւ յարգել ու տակաւին հոգալ այդ բոլոր «ուրիշները» եւ իրենց տարբերութիւններուն մէջէն։

Տքթ. Ճէպէճեան իր դասախօսութիւնը եզրափակեց բաժնեկցելով իր անձնական վկայութիւնը որպէս հայ։ «Մենք՝ որպէս հայ ժողովուրդ՝ ենթարկուեցանք քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան։ Այս իմաստով՝ հայը իր կեանքին մէջ կը կրէ նոյնինքն այս ցեղասպանութեան ցաւը։ Բայց Աստուածաշունչը եւ քրիստոնէական հաւատքը հայուն այդ ցաւը եւ յետեղեռնեան պատմութեան հոլովոյթներուն մէջէն՝ հայուն հոգին ոչ թէ վերածած է ատելութեան եւ վրէժխնդրութեան, այլեւ մխտած է, որ նոյնինքն հայը եւ իր ապրած այդ բոլոր հաւաքականութիւններու կեանքերուն մէջ եւ մէջէն հասկնայ «ուրիշը» եւ տքնի, որպէսզի համերաշխութիւն եւ գոյակեցութիւն իրականացնէ իր եւ այդ հաւաքականութիւններուն մէջ նոր կեանքեր կերտելով», ըսաւ ան։

Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ վերլուծում եւ յանձնարարութիւններ ապագայի ծրագիրներու համար։

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2019