ԱՐՄԱՆ ԹԱԹՈՅԵԱՆ ԱՀԱԶԱՆԳ ԿԸ ՀՆՉԵՑՆԷ ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնները պէտք է անհրաժեշտ արձագանգի արժանանան, որպէսզի կանխուին եւ յառաջ չերթան՝ մարդու իրաւանց տեսակէտէ աւելի ծանր հետեւանքներ։ Արման Թաթոյեան շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը անդրադարձաւ Իլհամ Ալիեւի կողմէ ապրիլի 27-ին կատարուած յայտարարութեան. «Աշխարհագրական առումով Զանկելանը մաս կը կազմէ արեւելեան Զանգեզուրին եւ կը գտնուի արեւելեան Զանգեզուրի մէջ։ Արեւմտեան Զանգեզուրը (նկատի ունի Հայաստանի Սիւնիքի մարզը) եւս մեր պատմական հողն է եւ այդ տարածքով պիտի անցնի Զանգեզուրի միջանցքը»։ 

Արման Թաթոյեան այս յայտարարութիւններու լոյսին տակ պարտադիր կը նկատէ Ատրպէյճանի նախագահի նման ելոյթները դիտարկել այս երկրէն ներս շարունակուող հայատեացութեան քաղաքականութեան տեսանկիւնէն։ Ան համոզուած է, որ տակաւին հաշուի պէտք է առնուին կեանքի ու հոգեկան անձեռնմխելիութեան, սեփականութեան եւ այլ իրաւունքներու կոպիտ խախտումներ եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Արցախի երկրորդ պատերազմին ժամանակ կատարուած այլ զանազան վայրագութիւններ։

Ըստ Արման Թաթոյեանի, ակնյայտ է, որ այդ յայտարարութիւնները լարուածութիւն կը յառաջացնեն Հայաստանի հասարակութեան մէջ, կը խաթարեն խաղաղ բնակչութեան բնականոն կեանքն ու հոգեկան անդորրը, նպատակ ունին ահաբեկել մարդիկ՝ յատկապէս, սահմանային բնակավայրերէ ներս։

Արման Թաթոյեան շեշտած է, որ այս արձանագրումները կը բխին քաղաքացիներու կողմէ իր գրասենեակին հասցուած ահազանգներէն եւ կատարուած դիմումներէն։ Ալիեւի պարբերական դարձած նման յայտարարութիւնները, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի Ինքնիշխան Հանրապետութեան եւ բացայայտօրէն կ՚աղաւաղեն պատմական փաստերը, կը խաթարեն տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հեռանկարները։

Ուստի, Արման Թաթոյեան համոզուած է, որ այդ բոլորը պէտք է անհրաժեշտ արձագանգի արժանանան, որպէսզի կանխուին եւ աւելի առաջ չերթան՝ մարդու իրաւանց տեսակէտէ աւելի ծանր հետեւանքներ ստեղծելով։

Երկուշաբթի, Մայիս 3, 2021