ՄԱՀ՝ ՆՈՐԱ ԱԶԱՏԵԱՆԻ

Ցաւով տեղեկացանք, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ յայտնի արուեստագիտուհի Նորա Ազատեան, որ ծանօթ հասարակական գործիչ Երուանդ Ազատեանի կողակիցն է։ Տիթրոյթի մէջ Նորա Ազատեան 29 ապրիլի երեկոյեան հեռացած է կեանքէն՝ խոր ցաւ պատճառելով իր սիրելիներուն։

Նորա Իփեկեան-Ազատեան ծնած էր Աղեքսանդրիոյ մէջ, Եգիպտոս։ Արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու ընտանիքի մը յարկին տակ հասակ առած էր։ Հօրենական կողմէ շառաւիղն էր՝ թատրոնի վաստակաշատ գործիչներ Գասպար Իփեկեանի եւ Արմէն Արմէնեանի։ Մայրն էր դերասանուհի եւ դաշնակահարուհի Շաքէ Իփեկեան, որ Ռամկավար-ազատական մտաւորականներէն Միհրան Տամատեանի դուստրն էր։ Հանգուցեալ Նորա Ազատեան կրթութիւնը ստացած էր Գահիրէի Ֆրանսական լիսէին մէջ։ Նկարչական բնատուր ձիրքը զարգացուցած էր մեծանուն նկարիչ Աշոտ Զօրեանի արուեստանոցին մէջ։ Վկայուած էր Փարիզի  «ABC» գեղարուեստի վարժարանէն։ Այնուհետեւ Գահիրէի Ֆրանսական լիսէին եւ «Գալուստեան» ազգային վարժարանին մէջ գեղարուեստի դասախօս եղած էր։ Իր սաները տարիներու ընթացքին ունեցած էին նուաճումներ։

ԱՄՆ հաստատուելէ վերջ Նորա Ազատեան շարունակած էր իր կրթանուէր աշխատանքը՝ այս անգամ Տիթրոյթի մէջ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» վարժարանէն ներս։ Երկար տարիներ եղած էր ատենապետուհին՝ Թէքէեան մշակութային միութեան Տիթրոյթի մասնաճիւղին։ Բոլորանուէր գործունէութիւն տարած էր նոյն միութեան «Ուսուցիչ մը հովանաւորէ» կոչուած ծրագրին, որու նպատակն էր խրախուսել Հայաստանի կրթական մշակները։

Բազմակողմանի ձիրքերով օժտուած, նորոգ հանգուցեալ Նորա Ազատեան ստեղծագործական աշխատանք տարած էր՝ որպէս նկարիչ, դերասանուհի եւ դաշնակահարուհի։ Կարեւոր դերերով բեմ բարձրացած էր հայերէնով եւ ֆրանսերէնով զանազան դասական հեղինակներու գործերու բեմադրութեան ժամանակ. օրինակ՝ Քորնէլ, Ռասին, Մոլիէր եւ այլն։ Ան կ՚ընդունուէր Վահան Թէքէեանի ստեղծագործութիւններու լաւագոյն մեկնաբանը։ Մեծ բանաստեղծի անմիջական հսկողութեամբ ան զարգացուցած էր այդ նուիրական ձիրքը։

Հոգելոյս Նորա Ազատեան անհատական կամ խմբային զանազան ցուցահանդէսներու մասնակցած էր Եգիպտոսի, Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ։ Կ՚անդամակցէր Տիթրոյթի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մշակութային յանձնախումբին։ Նախ Գահիրէի, աւելի վերջ ալ Պոստոնի եւ Տիթրոյթի մէջ իր բնակարանները միշտ վերածուած էին ակումբներու, ուր կը ժամադրուէին մտաւորական եւ գեղարուեստական շրջանակներէ վառ անհատականութիւններ։ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան «Պայքար» շաբաթաթերթի հաղորդումներով, Թէքէեան մշակութային միութեան ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի մասնաճիւղի ղեկավարութիւնը այս ցաւալի կորուստին առթիւ ցաւակցական մը ուղարկած է Երուանդ Ազատեանին։

Նորա Ազատեան իր ետին կը թողու սիրեցեալ կեանքի ընկերը Երուանդ Ազատեանը եւ զաւակը՝ դերասան Ժիրայր Բաբազեանը։

Երկուշաբթի, Մայիս 3, 2021