ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ՏԱՃԱՐԸ Կ՚ԱՒԱՐՏԻ 2026-ԻՆ

Պարսելոնայի, Սպանիա, աշխարհահռչակ Սակրատա Ֆամիլիա տաճարի կառուցումը կ՚աւարտի 2026 թուականին՝ կառուցման մեկնարկէն 144 տարի վերջ:

Սպանացի ճարտարապետ Անթոնի Կաուտիի գլուխգործոցը աւարտին հասցնելու նպատակով ստեղծուած կազմակերպութեան նախագահ Էսթիւ Քամփս յայտարարած է, որ կառուցման աւարտը կը համընկնի ճարտարապետի մահուան 100-ամեակին։

Իր խօսքով՝ իրենք ունին գումար եւ անհրաժեշտ նիւթեր՝ շէնքը, ներառեալ Յիսուս Քրիստոսին նուիրուած 172.5 մեթրնոց կեդրոնական աշտարակը, որ Սակրատա Ֆամիլիան կը դարձնէ Պարսելոնայի ամենաբարձր շէնքը, աւարտին հասցնելու համար:

Թէեւ շէնքը աւարտին հասցնել կը նախատեսուի մինչեւ 2026 թուականը, քանդակներու եւ տեքորաթիւ մանրամասնութիւններու եւ դէպի գլխաւոր մուտքը տանող սանդուխի վրայ աշխատանքները կը նախատեսուին շարունակել մինչեւ 2034 թուականը:

Սակրատա Ֆամիլիա տաճարի կառուցումը սկսած է 1882 թուականին՝ Անթոնի Կաուտիի նախագիծով: Այս ամբողջ ընթացքին տաճարը կիսակառոյց մնացած է: Ըստ նախագիծի՝ կառոյցը պէտք է ըլլար խաչի նման, այսինքն՝ քառաթեւ եւ պէտք է ունենար երեք ճակատային մաս՝ Քրիստոսի կեանքի կարեւորագոյն հատուածներու պատկերներով՝ ծնունդը, կեանքը, Յուդայի դաւաճանութիւնն ու մատնութիւնը, Տիրոջ խաչուիլն ու յարութիւնը։ Կաուտիի կենդանութեան օրօք կառուցուած է միայն առաջինը։

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2024