ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԵՐԷԿ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ Փա­րի­զի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ։ Ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Փիէռ Անտ­րիու (Ֆրան­սա), ինչ­պէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կասպր­չիկ քննար­կե­ցին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թեան ստեղծ­ման եւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի խում­բի կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ընդ­լայն­ման վե­րա­բե­րեալ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ա­ռա­ջարկ­նե­րու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն։

Կա­րե­ւո­րուե­ցաւ Մա­յի­սի 16-ին Վիեն­նա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րուն ի­րա­գոր­ծու­մը՝ հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման յանձ­նա­ռու­թիւ­նը, 1994-1995 թուա­կան­նե­րու հրա­դա­դա­րի վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ձայ­նագ­րե­րու ան­շեղ ի­րա­կա­նա­ցու­մը, հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս ա­ռա­ւել ար­դիւ­նա­ւէտ դի­տարկ­ման ի­րա­կա­նաց­ման եւ հե­տաքն­նու­թեան դրու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման նպա­տա­կով ձեռ­նար­կուե­լիք քայ­լե­րը, ո­րոնք անհ­րա­ժեշտ պայ­ման­նե­րը պի­տի ստեղ­ծեն բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի վերսկս­ման հա­մար։

Փա­րի­զի ե­րէ­կուան տե­սակ­ցու­թե­նէն վերջ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք յայտ­նեց, թէ դրա­կան կը գնա­հա­տէ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ տե­ղի ու­նե­ցած քննար­կում­նե­րը։ Ան եւս ընդգ­ծեց, որ քննար­կուած են Վիեն­նա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին առ­նուած ո­րո­շում­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հար­ցե­րը։ 

Ուրբաթ, Յունիս 3, 2016