ՀԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ 12-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍԻ ՄԷՋ

Արժանթինի մայրաքաղաքը՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Հայ բժշիկներու միջազգային համագումարը, որ 12-րդն էր իր նմաններու շարքին։ «Հայերն այսօր» կայքէջի հաղորդումներով, բացման հանդիսաւոր արարողութեան նախագահեց արժանթինահայ վարակաբան Տքթ. Դանիէլ Ստամպուլեան: Առաջին նիստի ընթացքին խօսք առին Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանն ու Առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեանը։ Յակոբեան իր ելոյթին մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց միջոցառման կազմակերպիչներուն: Ան յոյս յայտնեց, որ համագումարը կը համախմբէ աշխարհի հայ բժշկական ներուժը՝ ի նպաստ Հայաստանի։

Շաբաթ, Յունիս 3, 2017