ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՈՐԴԻԻՆ ՀԵՏ

Հենրիխ Մխիթարեան իր որդիի հետ լուսանկար հրապարակած է։ Այսպէս, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ իտալական «Ռոմա» խումբի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան լուսանկար հրապարակած է իր որդիի հետ:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Հենրիխ Մխիթարեան իր որդիի հետ լուսանկարով շնորհաւորած է Երեխաներու պաշպանութեան միջազգային օրը եւ գրած. «Առաջնայինը ընտանիքն է»:

Ինչպէս ծանօթ է, Հենրիխ Մխիթարեանի առջինեկ որդին ծնած էր այս տարուայ մարտի 4-ին՝ Հռոմի մէջ։ Ի պատիւ Հենրիխ Մխիթարեանի լուսահոգի հօր՝ հռչակաւոր ֆուտպոլիստ Համլէթ Մխիթարեանի, երեխան անուանակոչած էին Համլէթ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2020