«ԱՊԱԳԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ…»

Երեւանեան աղբիւրները վերջին օրերուն կը հաղորդեն «Ապագայ հայկականը» նախաձեռնութեան մասին, որու նպատակն է Հայաստանի եւ հայութեան կայուն զարգացման շուրջ համընդհանուր փոխըմբռնում մը ստեղծել։ Նախաձեռնողներն են՝ Ռիշար Ազարնիա (Ֆրանսա), Արթուր Ալավերտեան (Հայաստան), Նուպար Աֆէեան (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ Ռուբէն Վարդանեան (Ռուսաստան)։ «Ապագայ հայկականը» հանրային նախաձեռնութեան ներկայիս արդէն աւելի քան 10 հազար հոգի միացած է Հայաստանէն եւ ամբողջ աշխարհէն։ Նախաձեռնողներու հիմնական մասը՝ 57 տոկոսը Հայաստանէն է։ Մնացեալներու 17 առ հարիւրը Ռուսաստանէն, 10 առ հարիւրը ԱՄՆ-էն է։ Կան նաեւ մարդիկ Գանատայէն, Արժանթինէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն եւ այլ երկիրներէ։ Կը նախատեսուի անոնց հետ կազմակերպել քննարկումներ, հանդիպումներ եւ աշխատաժողովներ՝ միասնաբար ուսումնասիրելու եւ որոշելու համար այս նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս որդեգրուած նպատակներուն հասնելու լաւագոյն ուղիները։

«Ապագայ հայկականը» հանրային նախաձեռնութիւնը ուղղուած է սահմանելու կարեւոր նպատակներ, որոնք կրնան նպաստել Հայաստանին ապագային շատ աւելի լաւ հանգրուանի մը հասնելու՝ ըլլալով իրատես առկայ իրավիճակի եւ հայ ազգի ուժեղ կողմերու, աշխարհի վրայ Հայաստանի դիրքի, տնտեսութեան, պաշարներու վերաբերեալ։ «Մենք պէտք է ապագայի ծրագիր մը կազմենք եւ այդ մէկը նախ կը ներգրաւէ բոլոր հայերը, այնուհետեւ անոնք կը սկսին միասին աշխատիլ։ Սա է «Ապագայ հայկականը» նախաձեռնութեան նպատակը», ըսած է այս առթիւ Նուպար Աֆէեան։

Այս հանրային նախաձեռնութեան յաջորդ նպատակն է 30 հազար նախաձեռնող ներգրաւել։ Միայն անոնք նախապէս՝ մինչ հրապարակումը, պիտի ստանան որդեգրուած նպատակներու վերլուծութեան շուրջ յօդուածներ, ինչպէս նաեւ «McKinsey&Company» ընկերութեան մշակած յատուկ զեկոյցն ու Հայաստանի զարգացման վերաբերեալ ծրագիրը։

Կը հաղորդուի, որ այս նախաձեռնութիւնը կը խրախուսէ բաց հանրային խօսոյթը՝ ընտրելու համար ապագայ մը, որ պիտի ոգեշնչէ եւ պիտի ներգրաւէ Հայաստանի եւ համայն հայութեան հաւաքական ներուժը։ Նախաձեռնութիւնը միտուած է ներգրաւելու 100 հազար հոգի։

Ռուբէն Վարդանեան այս կապակցութեամբ ըսած է հետեւեալը. «Այսօր մեզի համար դժուարին փուլ մըն է, սակայն, ասով հանդերձ, բոլորս կը կարծենք, թէ սա նաեւ մեծ հնարաւորութիւն մըն է շատ բաներ վերաիմաստաւորելու, փոխելու որոշ մօտեցումներ, որոնք նախապէս չէին կիրառուած եւ փորձելու համար նոր բաներ։ Այս նոր նախաձեռնութիւնը սկսաւ այն պատգամով, որ մենք պատասխաններ տալ չենք ուզեր։ Մենք կ՚ուզենք հիմնական կէտեր արծարծել, որպէսզի մարդիկ կարողանան խօսիլ եւ բանավիճել այն մասին, թէ հաւաքականօրէն ինչպիսի ապագայ մը կը փափաքինք տեսնել մեր ազգի, մեր պետութեան, սփիւռքի եւ մեր պետութեան միջեւ յարաբերութիւններու եւ Հայաստանի ու Արցախի հետ մեր յարաբերութիւններու մասին»։ «www.futurearmenian.com» կայքէջը արդէն կը գործէ յագեցնելու համար հետաքրքրութիւնը բոլոր անոնց, որոնք կը ձգտին համանախաձեռնող դառնալ։

Հինգշաբթի, Յունիս 3, 2021