ՀԲԸՄ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ԵՌԱԲԼՈՒՐ

Երէկ, Երեւանի մէջ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան այցելեց Եռաբլուր զինուորական պանթէոնը։ Հարկ է նշել, որ Պերճ եւ Վերա Սեդրակեան ամոլը վերջին օրերուն կը գտնուին Երեւանի մէջ։ ՀԲԸՄ-ի նախագահը շարք մը շփումներ կ՚ունենայ՝ յետպատերազմեան իրավիճակով պայմանաւորուած տագնապի մթնոլորտին մէջ։

Երէկուան այցելութեան ընթացքին Պերճ Սեդրակեան ծաղկեպսակ մը զետեղեց նահատակաց պանթէոնի յուշարձանին մօտ։ Ան իր խոնարհումը բերաւ Արցախի երկրորդ պատերազմի նահատակներուն առջեւ։ Ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողակարգի բաժնի պետ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ այլ հոգեւոր հայրեր, ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Վազգէն Եագուպեան, Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, բարերար Գաբրիէլ Չէմպէրճեան եւ այլ դէմքեր։ Պերճ Սեդրակեան եւ ընկերակիցները յուշարձանին մօտ ծաղկեպսակ զետեղելու առընթեր ծաղիկներ խոնարհեցին նաեւ Արցախի երկրորդ պատերազմի նահատակներու թարմ շիրիմներուն վրայ, ուր աղօթեցին հոգեւոր հայրերու ուղեկցութեամբ։

Բաց աստի, Պերճ Սեդրակեան եւ Վազգէն Եագուպեան երէկ Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին Արման Թաթոյեան ներկայացուց Արցախի երկրորդ պատերազմին ժամանակ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւնները։ Ան ընդգծեց նաեւ, որ Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ գերիներու վերադարձի հարցը հրատապ բնոյթ կը կրէ։ Զրուցակիցները արձանագրեցին, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արհեստականօրէն կը ձգձգեն գերիներու վերադարձը, կը քաղաքականացնեն գործընթացը՝ կոպտօրէն ոտնահարելով գերիներու եւ անոնց ընտանիքներու իրաւունքները։ Այսպէսով Պաքու տառապանքներ կը պատճառէ եւ լարուածութիւն կը յառաջացնէ հասարակութենէն ներս։

Արման Թաթոյեան Պերճ Սեդրակեանին ներկայացուց Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մարզերէն ներս իր աշխատակազմին կողմէ իրականացուած փաստահաւաք աշխատանքի արդիւնքները։ Ան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի զինուորականները Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն ներս ապօրինի ներկայութիւն ունին։ Սա կը հաստատէ Սիւնիքի շուրջ անվտանգութեան գօտիի մը ստեղծման բացարձակ անհրաժեշտութիւնը։

Զրոյցի տեւողութեան Արման Թաթոյեան բարձր գնահատեց ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի գրասենեակին դերը՝ կարեւորելով ո՛չ միայն համատեղ կրթական, իրազեկման ծրագրերը, մարդոց ընկերատնտեսական իրաւունքներու աջակցութեան ուղղեալ քայլերը, այլ նաեւ՝ Ատրպէյճանի զինեալ յարձակումներուն հետեւանքով մարդու իրաւանց խախտումները աշխարհին ճշգրիտ ներկայացնելու ուղղեալ միջոցառումները։

Արման Թաթոյեան գնահատեց ՀԲԸՄ-ի դերը յատկապէս պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանի պատերազմական կամ մարդկութեան դէմ կատարած յանցանքներու վերլուծման եւ աշխարհին ներկայացման հարցին մէջ։

Իր կարգին, Պերճ Սեդրակեանն ալ բարձր գնահատեց Արման Թաթոյեանի աշխատանքը։ Ան նշեց, որ ՀԲԸՄ եւս կը հետեւի սահմանային անվտանգութեան հարցերուն եւ Հայաստանի իրավիճակին։ Սեդրակեան Թաթոյեանի նկատառման յանձնեց ՀԲԸՄ-ի կողմէ պատրաստուած «Ճշմարտութեան ձայներ» տեսաշարը, որու նպատակն է պատերազմի սառը վիճակագրութիւնը ներկայացնել մարդկային դէմքով, անունով եւ կեանքի պատմութեամբ՝ փաստագրելով իրականացած վայրագութիւններն ու նպատակ ունենալով վերականգնել արդարութիւնը։

Երեւանեան աղբիւրներուն մօտ լայն արձագանգ գտած այս հանդիպման ընթացքին կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին շարունակել եւ ընդլայնել համագործակցութեան ուղղութիւնները։

Հինգշաբթի, Յունիս 3, 2021