ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ իրավիճակը միշտ կը մնայ լարուած։ Մայիսի 12-էն ի վեր Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերէն Ատրպէյճանի կողմէ ոտնձգութիւն կատարուած է Հայաստանի սահմաններուն դէմ։ Մայիսի 27-ին ալ եւս վեց հայ զինուոր գերեվարուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ։ Հայաստան պաշտօնապէս դիմած է ՀԱՊԿ-ին եւ ռազմական օգնութեան համար՝ Ռուսաստանին։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան Ատրպէյճանէն պահանջած են Հայաստանի տարածքէն դուրս բերել իր զօրքերը։ Իսկ Ռուսաստան առաջարկած է սկսիլ երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման, ապա սահմանագծման գործընթացին։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 27 մայիսին առաջարկած էր սահմանին վրայ կողմերու զինուորներու ետ քաշուիլը եւ միջազգային դիտորդներու տեղակայումը։ Այդ դիտորդները կրնան ներկայացնել Ռուսաստանը կամ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութիւնը։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց Փաշինեանի առաջարկին։ ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ՝ ամերիկեան կողմը խորապէս հաւատարիմ է կողմերու հետ աշխատելու սկզբունքին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման հասնելու նպատակով։ «Մենք կողմերուն կը յորդորենք հնարաւորինս շուտ վերադառնալ Մինսքեան խմբակի համանախագահներու գլխաւորած բանակցութիւններուն», յայտնած է ամերիկացի պաշտօնատար մը։

Այս բոլորով հանդերձ իրավիճակի շօշափելի որեւէ փոփոխութիւն չկայ եւ Ատրպէյճանի զօրքերը կը շարունակեն մնալ Հայաստանի սահմաններէն ներս։ Երէկ առաւօտ Գեղարքունիքի մարզէն ներս դէպք մըն ալ պատահած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զինուորներուն միջեւ։ Երկու հայ զինուոր այս պատճառով թեթեւ ձեւով վիրաւորուած է։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներն ալ հաստատեցին այս լուրերը՝ տեղեկացնելով, որ դէպքի ընթացքին զէնք չէ օգտագործուած եւ կացութիւնը վերադաս հրամանատարութեան ջանքերով արագօրէն հարթուած է։

Մինչ լարուածութիւնը կը մնայ առկայ, երէկ, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ եռակողմանի խորհրդակցութիւն մը։ «ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդումներով, այս խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանամերձ շրջաններու իրավիճակի հանգուցալուծման ուղիները։ Կողմերը համաձայն գտնուած են աշխատանքային շփումները շարունակելու ուղղութեամբ։ Հաղորդումներուն մէջ չէ նշուած, թէ այս խորհրդակցութեան ի՛նչ մակարդակով պաշտօնատարներ մասնակցած են եւ անոնք ո՛վ եղած են։

Նախընթաց օր ԵԱՀԿ-ի մօտ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ խօսած էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու դէպի Հայաստան եւ Ատրպէյճան այցելութեան հաւանականութեան մասին։ Ըստ իրեն, շատ կարեւոր է, որ համանախագահերը՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շեֆըր (ԱՄՆ) յառաջիկային կարողանան այցելել տարածքաշրջան, տեղւոյն վրայ գնահատել իրավիճակը եւ տեղւոյն վրայ խօսիլ կողմերուն հետ։ «Սա շատ կարեւոր է։ Կը կարծեմ, թէ յառաջիկային նման իրողութիւններ կրնան ընձեռուիլ։ Բաց աստի, ի հարկէ, սուր է նաեւ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու հասանելիութեան հարցը՝ ժողովուրդին օգնութիւն ցուցաբերելու համար։ Այստեղ եւս կան բազմաթիւ կազմակերպչական խնդիրներ, զորս կողմերը տարբեր ձեւով կը ներկայացնեն», յայտնած էր Լուքաշեւիչ։

Ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտի այս յայտարարութիւններուն առընթեր, ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիտն ալ հիւրընկալեց Մինսքեան խմբակի եռանախագահները, նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկը։ Ընդհանուր քարտուղարը ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ սա իր առաջին դէմ առ դէմ հանդիպումն էր միջնորդներուն հետ։ «Լիարժէք կ՚աջակցիմ անոնց գործադրած ջանքերուն եւ գործունէութեան», նշուած է Հելկա Շմիտի գրառման մէջ։

Հայաստանեան մամուլը կը գրէ, որ այսօր Երեւան կ՚այցելէ Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի խաղաղարար զօրախումբի հրամանատարը՝ զօրավար Ռուստամ Մուրատով։ Ծանօթ է, որ այս վերջինը հետամուտ է գերիներու վերադարձի եւ սահմանային լարուածութեան թուլացման ուղղեալ խնդիրներուն։

Միւս կողմէ, երէկ Պաքուի մէջ սկսան դատուիլ հայ ռազմագերիներ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ատրպէյճան պատերազմէն վերջ մերժած է յանձնել բոլոր ռազմագերիները եւ իր մօտ կը պահէ զինուորական կամ քաղաքային Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ։ Անոնք ռազմագերիի կամ պատանդի կարգավիճակ չունին եւ Պաքուի պնդումներով կը դասուին որպէս ահաբեկիչ։ Այս շրջանակին մէջ երէկ Պաքուի ռազմական ատեանէն ներս սկսաւ Լութվիկ Մկրտչեանի եւ Ալիոշա Խոսրովեանի դատավարութիւնը։ Անոնք կը մեղադրուին Արցախի առաջին պատերազմի շրջանին վերաբերեալ ամբաստանութիւններով։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, մասնագէտներ յայտնած են, թէ դատավարութիւնը մարդու իրաւանց խախտումներով սկսած է։

Հինգշաբթի, Յունիս 3, 2021