ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՄԵՐԳ

Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան առթիւ վերջին օրերուն Երեւանի մէջ տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ։ Այս շրջանակին մէջ, «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառի երդիքին տակ ալ տեղի ունեցաւ պատանիներու համերգ մը։ Թանգարանի դահլիճէն ներս համախմբուած երաժշտասէրները հաճոյքով ունկնդրեցին նոր սերունդէ երաժիշտներու կատարումները։

Հինգշաբթի, Յունիս 3, 2021