ՊՐԻՒՔՍԵԼԷՆ ՋԱՆՔԵՐ

Եւրոմիութիւնը կոչ ուղղեց, որպէսզի Հայաստան եւ Ատրպէյճան վերսկսին բանակցութիւններու։ Երէկ, ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել Պրիւքսելի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Զուգահեռաբար ան հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս շփումներու լոյսին տակ ԵՄ-ի խորհորդի աղբիւրները հանդէս եկան յայտարարութիւններով։ Այսպէս, Շարլ Միշել կողմերուն կոչ ուղղած է, որպէսզի վերսկսին բանակցութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի լուծման եւ ռազմագերիներու վերադարձին շուրջ։ Եւրոպական կողմը այս բանը կարեւոր կը նկատէ տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան տեսակէտէ։ ԵՄ պատրաստակամ է նաեւ փորձաքննական գիտելիքներ տրամադրել՝ սահմանազատման ու սահմանագծման աջակցելու համար։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Շարլ Միշել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններու վերսկսման յորդորին առընթեր յիշեցուցած է նաեւ, որ ԵՄ կ՚աջակցի կողմերու միջեւ վստահութեան ամրապնդման։ Ան հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան լիակատար իրականացումը կարեւոր համարած է տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան տեսակէտէ։ Շարլ Միշել կոչ ուղղած է նաեւ, որպէսզի երկու կողմերը փութով համագործակցին ռազմագերիներու եւ կալանաւորուածներու վերադարձի հարցին շուրջ, նաեւ ականադաշտերու եւ այլ կարեւոր մարդասիրական հարցերու կապակցութեամբ ապահովել լիարժէք թափանցիկութիւն։ «Եւրոմիութիւնը խորապէս շահագրգռուած է Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանի անվտանգութիւնով, կայունութիւնով եւ բարգաւաճումով՝ որպէս ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան բաղկացուցիչ մաս», նշուած է Պրիւքսելի հաղորդագրութեան մէջ։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ հաղորդած էին, որ Նիկոլ Փաշինեան երէկուան հանդիպման ընթացքին ցանկութիւն յայտնած է առկայ խնդիրներու խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ եւ Շարլ Միշել ողջունած է այդ մտադրութիւնը։ Ըստ Պաքուէն հասած լուրերուն, Իլհամ Ալիեւն ալ Շարլ Միշելի հետ զրուցելու ընթացքին նշած է, որ Պաքու պատրաստ է Երեւանի հետ բանակցութիւններու ձեռնարկել խաղաղութեան պայմանագրի մը ստորագրման համար, սակայն հայկական կողմը տակաւին չէ արձագանգած։

Հինգշաբթի, Յունիս 3, 2021