ՎԵՑ ԱՄԻՍ ՎԵՐՋ ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։ Շուրջ կէս տարուայ ընդհատումէ մը վերջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան՝ փոխ-վարչապետներու մակարդակով եռակողմանի աշխատանքային խումբի հերթական նիստը։ Քննարկումները կը կեդրոնանան տարածաշրջանի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերուն վրայ։ Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպումը, սակայն, այդ մէկուն թուականը տակաւին յայտնի չէ։ Երեւանեան որոշ աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Մհեր Գրիգորեան օդակայանի մէջ Մոսկուա մեկնելէ առաջ խուսափած է յայտնելէ, որ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ պիտի չըլլայ։ Ան միայն նշած է, որ Մոսկուայի այսօրուան բանակցութիւններուն ժամանակ այդպիսի հարց մը ընդհանրապէս չի քննարկուիր։
Այսօրուան բանակցութիւններուն ընդառաջ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ յայտարարեց, որ սահմանի վրայ որեւէ լարուածութիւն բացասական ազդեցութիւն կը գործէ բոլոր գործընթացներուն վրայ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արմէն Գրիգորեան երէկ կրկնեց՝ վերջին շրջանին Երեւանէն յաճախ բարձրաձայնուած այն հանգամանքը, թէ Ատրպէյճան բանակցութիւններու բովանդակութեան անհամապատասխան յայտարարութիւններ կ՚ընէ։ Ան կրկնեց, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ամբողջէն ներս միջանցքային տրամաբանութեամբ որեւէ հարց չի քննարկուիր։
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին՝ Գրիգորեան նշեց, որ Հայաստան կը շարունակէ կարեւորել Արցախի հայրենակիցներու անվտանգութիւնն ու իրաւունքները եւ կարգավիճակն ալ պէտք է բխի անոնցմէ։