ՄԱՀ՝ ԱՐԹՈՒՐ ՉԻԼԻՆԿԵԱՐՈՎԻ

Ռուսահայ յայտնի քաղաքական գործիչ ու գիտնական հայազգի Արթուր Չիլինկեարով 84 տարեկան հասակին կնքեց իր մահկանացուն։ 1938 թուականին ան Լենինկրատի մէջ ծնած էր, հայրն էր Նիքոլայ Չիլինկեարեան։ Բեւեռախոյզ Արթուր Չիլինկեարով ունէր փրոֆեսէօրի կոչում, յայտնի աշխարհագէտ մըն էր։ Ռուսաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից-անդամ էր։ Երկար տարիներէ ի վեր կ՚անդամակցէր Ռուսաստանի Պետական տումային։

Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի կողմէ պատուոյ կոչումներու եւ շքանշաններու արժանացած էր։

Կը հաղորդուի, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ալ ցաւակցական մը հրապարակած է՝ երեսփոխան Արթուր Չիլինկեարովի մահուան առթիւ։

Երկուշաբթի, Յունիս 3, 2024