«ՄԻԱՍԻՆ ՅԱՆՈՒՆ ԱԶԳԻ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ»
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի չորրորդ միջազգային բժշկական համագումարը, որ իր աւարտին պիտի հասնի վաղը։ Միջազգային համբաւի տէր մասնագէտներու, բժիշկներու եւ բոյժ-քոյրերու մասնակցութեամբ տեղի կ՚ունենան համագումարի աշխատանքները։ Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ կեանքի կը կոչուի այս նախաձեռնութիւնը։ Յատկանշական է, որ այս համագումարի նախընթաց օրուան բացման հանդիսութիւնը զուգադիպեցաւ Հայաստանի բժշկական կալ-ւածի աշխատողներու օրուան։
Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեան նշեց, թէ այս տարուան համագումարի գերակայութիւններուն շրջագծով յառաջ կը քշուին հանրային առողջապահութեան խնդիրները՝ հաշուի առնելով, որ հանրային առողջութիւնը ազգի մը հարստութիւններէն մին է եւ անհրաժեշտ է ամէնօրեայ ուշադրութեան կեդրոնին պահել հիւանդանոցային եւ արտահիւանդանոցային ծրագրերը։ Նախարարը ընդգծեց, որ այդ ծրագրերը իրենց արդիւնքին կը հասնին տարիներու ընթացքին։ Հետեւաբար, իրենք չեն ակնկալեր արանգ եւ դրական արդիւնք։ «Կը յուսամ, որ այդ ծրագրերը իրենց ուրոյն տեղը պիտի գտնեն մեր այսօրուան աշխատանքներուն մէջ ու պիտի պսակուին յաջողութեամբ։ Մեր գերակայ խնդիրներու շարքին են՝ մօր եւ մանկան առողջութիւնը, ծխելու դէմ պայքարը, դեղերու մասին նոր օրէնքը, դիմադրութեան ծրագիրը», ըսաւ Արմէն Մուրատեան։
Հայաստանի չորրորդ միջազգային բժշկական համագումարին ընթացքին կը քննարկուին երկրի առողջապահութեան վերաբերեալ բարդ խնդիրներ, ներառեալ Արցախը։ Օրակարգի վրայ կու գան քաղցկեղի բուժման եւ վերարտադրողական առողջութեան նորագոյն ձեռքբերումները, փորձագիտական յառաջընթացը։ Ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուին նաեւ թերի եւ գերսնուցման համընդհանուր խնդիրը։ Համագումարին շրջագծով կը կազմակերպուին 17 արբանեակային գիտաժողովներ՝ առողջապահութեան ոլորտի նորագոյն մօտեցումները երկրի մարզերուն մէջ աշխատող բժիշկներուն փոխանցելու առաջադրութեամբ։
1980 թուականէն ի վեր այս համագումարը կ՚իրականացուի չորս տարին անգամ մը՝ աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ։ Հայաստանի մէջ միջազգային առաջին համագումարը տեղի ունեցած էր 2003 թուականին։ Յաջորդած էին 2007-ի եւ 2011-ի համագումարները։ Իսկ այս տարի Երեւան կը հիւրընկալէ առողջապահութեան ոլորտի հայ կամ օտար շուրջ երկու հազար մասնագէտ։
Հայաստանի Ազգային ժողովի առողջապահութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան նշեց, թէ այս համագումարի կարգախօսն է՝ «Միասին յանուն ազգի առողջութեան»։
Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան եւ Հայկական բժշկական միջազգային կոմիտէի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ կը կայանայ այս համագումարը, որու շրջագծով բանախօսները եւ մասնակիցները կ՚անդրադառնան մեր օրերու առողջապահութեան վերաբերեալ կարեւոր հիմնախնդիրներուն։ Անոնք կը լուսաբանեն ընդհանուր բժշկութեան, սրտաբանութեան, վիրաբուժութեան, ատամնաբուժութեան, բոյժ-քոյրական գործի, առողջապահական կրթութեան, բարոյագիտութեան, այլընտրանքային բժշկութեան ոլորտէն ներս արձանագրուած յաջողութիւնները, նաեւ կ՚արծարծեն յարակից բազմաբնոյթ խնդիրներ։ Հայաստանի առընթեր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Ռուսաստանէն, Անգլիայէն, Արժանթինէն եւ Լիբանանէն մասնագէտներ փութացած են Երեւան՝ մասնակցութիւն բերելու համար համագումարի ծրագրին։
Երեւանի Օփերային մէջ հանդիսաւոր երեկոյթով մը բացուած այս համագումարին առընչութեամբ Հայաստանի Առողջապահութեան փոխ-նախարար Գագիկ Միրիճանեանն ալ ընդգծեց, որ միայն Բժշկական համալսարանի հիման վրայ կարելի է գնահատել այս համագումարի դրական ազդեցութիւնները երկրին վրայ։ Նախորդ համագուրմաներու արդիւնքին Բժշկական համալսարանէն ներս ստեղծուած են զանազան նոր կեդրոններ։ Այս տարի եւս Առողջապահութեան նախարարութիւնը ակնկալութիւններ ունի այս համագումարէն։