ԱԼՖՈՐՎԻԼԻ ՄԷՋ ԴՊՐՈՑ

Փա­րի­զի հա­յաբ­նակ ա­րուար­ձան­նե­րէն Ալ­ֆոր­վի­լի մէջ վա­ղը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Գէորգ Ա­րա­պեան» նո­րա­կա­ռոյց վար­ժա­րա­նին բա­ցու­մը։ Այս հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ պի­տի գտնուի Ֆրան­սա­յի Վար­չա­պետ Մա­նուէլ Վալս եւ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ  Աբ­րա­հա­մեան։ Ֆրան­սա­հայ հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ սա յատ­կան­շա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն մըն է։ Ընդ­հան­րա­պէս Սփիւռ­քին տե­սա­կէ­տէ ալ ա­նան­տեսե­լի զար­գա­ցում մըն է այս մէ­կը, երբ հայ դպրո­ցը կ՚ապ­րի լուրջ նա­հանջ եւ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րը կը փա­կուին ի­րե­րա­յա­ջորդ։ Ալ­ֆոր­վի­լի այս վար­ժա­րա­նի կա­ռուց­ման նիւ­թը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը զբա­ղեց­նէր ֆրան­սա­հայ հա­մայն­քի օ­րա­կար­գը։

Փա­րի­զի «Նոր Յա­ռաջ» թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, վա­ղը օ­րուան ա­ռա­ջին կէ­սին նա­խա­տե­սուած է «Գէորգ Ա­րա­պեան» նա­խակր­թա­րան-միջ­նա­կար­գի բա­ցու­մը։ Ֆրան­սա­յի մէջ Հայ մշա­կոյ­թի զար­գաց­ման ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը (APCAF) այս կա­րե­ւոր գոր­ծը գլուխ հա­նած է գոր­ծակ­ցու­թեամբ՝ Ս. Մես­րոպ կրթա­րա­նի խնա­մա­կա­լու­թեան (AAG) եւ Ալ­ֆոր­վի­լի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան։ Բա­ցի եր­կու վար­չա­պետ­նե­րէն վա­ղուան բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ պի­տի գտնուին նաեւ Ալ­ֆոր­վի­լի քա­ղա­քա­պետ ու ծե­րա­կու­տա­կան Լիւք Քար­վու­նաս եւ վար­ժա­րա­նի գլխա­ւոր բա­րե­րար Գէորգ Ա­րա­պեան։ Այս բա­ցա­ռիկ կրթա­կան ձեռք­բե­րու­մին ուղ­ղու­թեամբ ան­փո­խա­րի­նե­լի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած է ֆրան­սա­հա­յոց նախ­կին թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ Տ. Նոր­վան Արք. Զա­քա­րեան, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը փո­խա­րի­նէ APCAF-ը։ Սոյն ծրագ­րի գան­ձատր­ման 90 տո­կո­սը ա­պա­հո­վուած է ան­հատ­նե­րու կամ ըն­կե­րակ­ցու­թիւն­նե­րու կող­մէ կա­տա­րուած նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րու շնոր­հիւ։ Զա­նա­զան հիմ­նադ­րամ­ներ ալ ի­րենց նպաս­տը բե­րած են այս գոր­ծին հա­մար՝ ցարդ կազ­մա­կե­րպուած մշա­կու­թա­յին եւ գե­ղա­րուես­տա­կան ձեռ­նարկ­նե­րէ ձեռք ձգուած հա­սոյթ­նե­րու մի­ջո­ցաւ։ Այս նոր դպրո­ցը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռէ ընդ­լայն­ման՝ ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նե­ցող Ս. Մես­րոպ կրթա­րա­նին, որ կը գոր­ծէ յա­տուկ դրու­թիւ­նով մը՝ Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հետ կնքուած պայ­մա­նագ­րի մը հի­ման վրայ։ Հարկ է ծրագ­րի գան­ձատր­ման մնա­ցեալ մա­սին առ­նուազն 7.5 տո­կո­սին ե­րաշ­խա­ւո­րու­մը։

Վա­ղը պաշ­տօ­նա­պէս բա­ցուե­լիք շէն­քին կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը սկսած էին 2013 թուա­կա­նին։ Ճար­տա­րա­պե­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է «Յա­կո­բեան» գրա­սե­նեա­կը, որ ծա­նօթ է իր փոր­ձա­ռու­թեամբ ու վար­պե­տու­թեամբ։ Նոր վար­ժա­րա­նը յատ­կա­պէս ող­ջու­նե­լի է նաեւ իր այն ա­ռա­ւե­լու­թեան հա­մար, որ ան իր եր­դի­քին տակ մէկ­տե­ղած է եր­կու դպրոց՝ նա­խակր­թա­րան եւ միջ­նա­կարգ, լա­ւա­գոյնս օգ­տա­գոր­ծե­լով սահ­մա­նա­փակ մա­սե­րը, ուր տե­ղա­ւո­րուած են տասն դա­սա­րան­ներ։ Դէ­պի Սէն գե­տը յա­ռող շի­նու­թիւ­նը օժ­տուած է շրջա­պա­տի տե­սան­կիւ­նէն ա­մե­նէն ո­րա­կա­ւոր, ու­ժա­նիւ­թի խնա­յողու­թիւն ա­պա­հո­վող նիւ­թե­րով։ Այս վար­ժա­րա­նին մէջ տղա­քը բախ­տը պի­տի ու­նե­նան ու­սա­նե­լու, իսկ ու­սու­ցիչ­նե­րը դա­սա­ւան­դե­լու լա­ւա­գոյն պայ­ման­նե­րու մէջ՝ կեն­ցա­ղա­յին կամ ու­սում­նա­կան ա­ռու­մով։

Նո­րա­կա­ռոյց այս շէն­քը թոյլ պի­տի տայ դի­մագ­րա­ւել շրջա­նի նոր ա­շա­կերտ­ներ ըն­դու­նե­լու հետզ­հե­տէ ա­ւել­ցող պա­հան­ջը, բայց նաեւ բա­նալ միջ­նա­կար­գի բա­ժին մը։ Այս ծրա­գի­րը վա­րած, գան­ձատ­րած եւ կեան­քի կո­չած է՝ APCAF՝ վա­յե­լե­լով նե­ցու­կը ներ­կայ դպրո­ցի խնա­մա­կա­լու­թեան՝ AAG-ի։ Այս վեր­ջի­նը յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րէն սկսալ պի­տի ստանձ­նէ վար­ժա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը։ Սոյն ծրագ­րին ընդ­հա­նուր գու­մա­րը կազ­մած է 4.5 մի­լիոն եւ­րօ։ Նոր վար­ժա­րա­նի ամ­բող­ջա­կան մա­կե­րեսն է 1585 քա­ռա­կու­սի մեթր։ Քսանչորս ա­միս տե­ւած են աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րոնց ար­դիւն­քին կա­ռու­ցուած է ե­ռա­յարկ դպրո­ցը. գետ­նա­յարկ մը եւ եր­կու յարկ։ Ծա­նօթ քան­դա­կա­գործ­նե­րու կող­մէ հինգ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ նուի­րուած են այս դպրո­ցին։

Ալ­ֆոր­վի­լի այս նոր դպրո­ցի բա­ցու­մը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ա­ռիթ պի­տի հան­դի­սա­նայ Փա­րի­զի եւ Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թեանց մի­ջեւ բարձր մա­կար­դա­կի շփում­նե­րու։ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան այս շրջագ­ծով ե­ռօ­րեայ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ այ­սօր կը մեկ­նի Փա­րիզ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, բա­ցի իր պաշ­տօ­նա­կից Մա­նուէլ Վալ­սէ, նա­խա­տե­սուած են իր հան­դի­պում­նե­րը Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Քլոտ Պար­թո­լո­նի, Փա­րի­զի քա­ղա­քա­պետ Անն Ի­տալ­կո­յի եւ այլ պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու հետ։ Աբ­րա­հա­մեան Փա­րի­զի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին մէջ բա­ցուած «Հա­յաս­տան 1915» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սը շրջե­լու ա­ռըն­թեր կ՚այ­ցե­լէ նաեւ Փա­րի­զի Ա­ռաջ­նոր­դա­րան՝ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ֆրան­սա­յի Թե­մին կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­լու հա­մար։ Ան կը մէկ­տե­ղուի նաեւ ֆրան­սա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

 

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2015