ԱՆԹԻԼԻԱՍԷՆ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԸ ՎԵՐԱՑՄԱՆ
«Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի այսօրուան հաղորդումներով, Պէյրութի մէջ, հայկական պատմական գերեզմանատուն մը կը փորձուի վերածել պանդոկի եւ այս գործարքը կ՚իրականացուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաւանութեամբ։ Ըստ թերթի հաղորդումներուն, պատմական Կիպրոս քաղաքի ծովափին գոյութիւն ունի հարիւր տարուան վաղեմութեամբ հայկական գերեզմանատուն մը, որու տեղափոխութիւնը կը նախատեսուի, որպէսզի այնտեղ կառուցուի առափնեայ լիւքս զբօսարան մը։ 1915 թուականին Անատոլուէն տեղահանուելով Լիբանան հաստատուած հայերը ամփոփուած են այդ գերեզմանատան մէջ, որու պաշտպանութեան համար այնտեղ թաղուածներու շառաւիղները ձեռնարկած են իրաւական պայքարի մը։ Անոնք իրենց դէմ գտած են նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը շեշտէ, որ այդ մէկը անցեալ Ապրիլի վերջաւորութեան Սահմանադրական ատեան դիմած էր՝ վերաձեռքբերելու համար Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքը։
«Պէյրութ Ռիփորթ» թերթի հաղորդումներուն հիման վրայ «Ճումհուրիյէթ» ընդգծած է, որ Երկուշաբթի առաւօտ ոստիկաններու ուղեկցութեամբ գերեզմանները փորելու փութացած գործաւորները վերջին ժամուն կասեցուած են դատական վճիռով։ 1894 թուականին ծնած Յակոբ Աւագեանի շառաւիղներէն Վարդան Աւագեան յայտնած է, թէ այս ծրագրին կապակցութեամբ առաջին տեղեկութիւնները հասած են անցեալ Մարտին եւ իրենց բողոքներուն հիման վրայ դատախազութիւնը ձեռնարկած է հարցաքննութեան։ Հակառակ այս հանգամանքին, ընկերութիւնը փորձած է գերեզմանատունը տեղափոխել։ Տասը հազար տարուան Պիպլոսի նաւահանգիստի մնացորդացին հարեւանութեամբ կը գտնուի գերեզմանատունը, որ մաս կը կազմէ Հնութիւններու տնօրէնութեան իրաւասութեան։ Հետեւաբար, Աւագեան կը ջանայ ապահովել, որ շինութիւնը կախուած դարձուի թոյլտուութենէ։
Նոյն աղբիւրներու հաղորդումներով, Անթիլիաս այդ տարածքը վարձած է, որպէսզի վերածուի առափնեայ զբօսարանի մը։ Վարձակալ ընկերութիւնը կապ ունի Լիբանանի նախկին հաղորդակցութեան նախարար Ժան Լուի Քորտահիի հետ։ Անթիլիաս թէեւ տեղեկացուցած է, որ գերեզմանատունը ծովափէն հեռու նոր տարածք մը պիտի փոխադրուի, սակայն բողոքարարները դիտել կու տան, թէ այդ մէկը տարբերութիւն պիտի չունենայ հաւաքական գերեզմանատունէ մը։
ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ԵԼՈՅԹՆԵՐ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական բաժանմունքի կազմակերպած «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը նոր մարտահրաւէրներու դիմաց» ձեռնարկներու շարքի ծիրէն ներս, շահեկան հանդիպում-զրոյց մը տեղը ունեցաւ թուրք պատմագէտ Փրոֆ. Թանէր Աքչամի եւ լիբանանահայ համալսարանականներու միջեւ, նախընթաց օր, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ)։ Անթիլիասի աղբիւրներուն կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդումներուն համաձայն, ձեռնարկին բացման խօսքը՝ ՀԵՀՈՄ-ի անունով անգլերէնով արտասանեց Փաթիլ Յակոբեան, որ հակիրճ տողերու մէջ ծանօթացուց օրուան հիւրը։ Ան նշեց, որ Աքչամ ուսանողական օրերէն ի վեր աշխոյժ գործունէութիւն ունի Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու ձայնը բարձրացնելու, որուն հետեւանքով ձերբակալուած ու տասը տարուան բանտարկութեամբ դատապարտուած է։ Առ այդ, քաղաքական ապաստան գտնելով Գերմանիոյ մէջ, Աքչամ իր ուսումնասիրութիւններով կեդրոնացած է Օսմանեան կայսրութեան աւարտին եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ծնունդի տարիներուն տեղի ունեցած քաղաքական բռնութիւններուն վրայ։ Յակոբեան խօսքը աւարտեց ընդգծելով, որ Աքչամ մաս կը կազմէ, Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի կալուածի վերադարձը պահանջող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատին համար կազմուած յատուկ յանձնախումբին։ Փրոֆ. Թանէր Աքչամ զրոյցին սկիզբը բացատրեց Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կալուածներու բռնագրաւման օրէնքներն ու անոնց հոլովոյթները։ Ապա ներկաներու հարցումներուն պատասխանելով՝ ան մանրամասնեց կալուածներու վերադարձի հարցին դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ 1915-ի հետ առընչութիւն ունեցող եւ այս ծիրէն ներս Թուրքիոյ դիմագրաւած զանազան այլ հարցերու մասին։ Աքչամ յայտնեց, որ հայկական պահանջատիրութիւնը ընդհանրապէս սամնափակուած եղած է Եղեռնի որպէս ցեղասպանութիւն ճանաչումով եւ միայն վերջին տարիներուն է, որ Հայ դատի մարմինները իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են փոխհատուցման կարեւորութեան վրայ։ Այս մէկը երկար ժամանակ հանգիստ ձգած էր Թուրքիան, ըսաւ ան, ու մեկնելով այս հարթակէն, կոչ ուղղեց հայերուն անվարան դիմել Թուրքիոյ Սահմանադրական Ատեան՝ ճնշում բանեցնելու Անգարայի վրայ։ Ան ըսաւ, որ այս հանգրուանին սահմանադրական օրէնքը միակ օրէնքն է, որուն կարելի է ապաւինիլ։ Աքչամ նաեւ անդրադարձաւ անհատական ինչքերու եւ համայնքային ու կրօնական կալուածներու վերատիրացման տարբերութիւններուն։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ հայերը, Թուրքիոյ տեղական դատարաններուն փոխարէն, չեն դիմեր միջազգային դատարաններ. Աքչամ բացատրեց իրաւական կարգ մը նրբութիւններ, որոնք անհրաժեշտ կը դարձնեն նախ թրքական դատարաններուն դիմելու։ Ան աւելցուց նաեւ, որ շատ աւելի մեծ գումարներ կը պահանջուի միջազգային դատարանի աշխատանքներուն համար։ Աքչամ լուսաբանեց, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան առաջին տարիներուն պետութիւնը հայերուն կ՚արգիլէր Թուրքիա մուտք գործել՝ վախնալով, որ անոնք պահանջէին իրենց իրաւունքներուն վերատիրանալ, իսկ աւելի ուշ, 1950-60-ական թուականներուն, պետութիւնը Սփիւռքէն Թուրքիա ճամբորդել ուզող հայերուն ստորագրել կու տար փաստաթուղթ մը, որով տուեալ հայը կը վստահեցնէր, թէ Թուրքիա մուտք գործելէ ետք դատարան պիտի չդիմէ պահանջելու համար իր կալուածները, թէկուզ անոնք ունենային օրինական փաստաթուղթերը։ Աքչամ ըսաւ, որ պէտք չէ լուսանցքի տակ առնել հատուցման գծով Թուրքիոյ դիմագրաւած դժուարութիւններն ու անպատրաստակամութիւնը՝ թէ՛ իրաւական գետնի վրայ, թէ՛ քաղաքական եւ թէ պետական մակարդակով։ Փարատելու համար ներկաներուն մտահոգութիւնը, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ հատուցումներ ստանցնողը երբ Թուրքիա հասնի հատուցման պատրաստակամութեան հանգրուանին, Աքչամ օրինակ բերաւ հրեաներուն 1952-ի Լիւքսեմպերկի փորձառութիւնը եւ ըսաւ, թէ իր կարծիքով, հայ ժողովուրդը կրնայ նոյն օրինակով կազմել յանձնախումբ մը՝ Հայաստանի պետութեան եւ Սփիւռքի կրօնական, քաղաքական ու մշակութային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէ կազմուած, որպէսզի Թուրքիոյ պետութեան հետ բանակցի եւ ներկայանայ իբր իրաւատէրը հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն։
Շահեկան զրոյցը աւարտեցաւ ՀԵՀՈՄ-ի ատենապետ Ռազմիկ Միքայէլեանի շնորհակալական խօսքով։