ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԿԱԴԵՄԻԱՆ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆՈՐ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱՐԱՆԻ ԾՐԱԳՐԻՆ
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահութիւնը հաւանութիւն տուաւ նոր Հայկական հանրագիտարան մը ստեղծելու ծրագրին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Հայկական հանրագիտարան» հրատարակչութեան առաջարկին հիման վրայ ներկայացուած է այս ծրագիրը։ Այս նոր հանրագիտարանը բաղկացած պիտի ըլլայ տասն հատորէ՝ թուային եւ տպագիր տարբերակներով։ Հանրագիտարանը ստեղծելու համար պիտի կազմուին հեղինակներու մասնագիտական խումբեր, որոնք պիտի կազմակերպեն յօդուածներու պատրաստումն ու անոր համակողմանի քննարկումը։ Այս նոր հանրագիտարանի պատրաստութիւնները պիտի իրականացուին յաջորդ տարիէն սկսեալ ու պիտի շարունակուին մինչեւ 2026 թուականը։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահութիւնը մտադիր է դիմում ներկայացնելու Հայաստանի կառավարութեան՝ Հայկական հանրագիտարանի հրատարակութիւնը իրականացնելու համար համապատասխան միջոցներու յատկացման ակնկալութեամբ։
Ինչպէս ծանօթ է 1974-1987 թուականներուն հրատարակուած էր 12+1 հատորով Հայկական սովետական հանրագիտարանը, որու պատրաստութիւնը լուրջ ձեռքբերում մըն էր հայ մշակոյթի եւ գրահրատարակչութեան պատմութեան մէջ։ Ընդունուած համայնագիտարանային սկզբունքներով առաջին անգամ մշակուած, ամփոփուած ու ներկայացուած էին հայ ժողովուրդի պատմութեան, արուեստի, մշակոյթի, հասարակական-քաղաքական կեանքի, տնտեսութեան, մարմնամարզի, առողջապահութեան եւ միւս ոլորտներու կարեւորագոյն իրադարձութիւններն ու դէմքերը։