ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ 200 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ՎԱՐԿ ԿԸ ՏՐԱՄԱԴՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Ռու­սաս­տան 200 մի­լիոն տո­լար պե­տա­կան ար­տած­ման վարկ պի­տի տրա­մադ­րէ Հա­յաս­տա­նին։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նիս­տին ըն­թաց­քին ե­րես­փո­խան­նե­րը քննար­կե­ցին Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ Յու­նի­սի 26-ին Ե­րե­ւա­նի մէջ ստո­րագ­րուած հա­մա­պա­տաս­խան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը։ Այս փաս­տա­թուղ­թը ե­րես­փո­խան­նե­րու քննարկ­ման ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Ա­րա Նա­զա­րեա­նի կող­մէ։ Այս առ­թիւ ան ընդգ­ծեց, որ այս փաս­տա­թուղ­թով կը նա­խա­տե­սուի ռու­սա­կան կող­մի 200 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար քա­նա­կու­թեամբ պե­տա­կան ար­տած­ման վարկ տրա­մադ­րե­լը հայ­կա­կան կող­մին։ Այս գու­մա­րը պի­տի օգ­տա­գոր­ծուի ռու­սա­կան ար­տադ­րու­թեան ռազ­մա­կան նշա­նա­կու­թեամբ ար­տադ­րու­թիւն­նե­րու մա­տա­կա­րա­րում­նե­րու գան­ձատր­ման հա­մար։ Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն կող­մէ քննար­կուած այս հա­մա­ձայ­նա­գի­րը յանձ­նա­ժո­ղո­վի դրա­կան եզ­րա­կա­ցու­թեամբ պի­տի ներ­կա­յա­ցուի խորհր­դա­րա­նի վա­ւե­րաց­ման։

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի վար­չա­պետ­նե­րուն՝ Յո­վիկ Աբր­ա­հա­մեա­նի եւ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը։ Հայ­կա­կան կող­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կա­տա­րուած այս տե­սակ­ցու­թեան ըն­թա­ցին եր­կու վար­չա­պետ­նե­րը քննար­կե­ցին հայ-ռու­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գա­յին ար­դի հար­ցե­րը։

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2015