ՎԱԼԵՐԻ ԹՈՐԱՆԵԱՆԻ ՎԷՊԸ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ «ՄԱՏԱՄ ՖԻԿԱՐՕ» ՄՐՑԱՆԱԿԻՆ

Ֆրան­սա­հայ յայտ­նի գրող Վա­լե­րի Թո­րա­նեա­նի «Օ­տա­րը» գիր­քը ար­ժա­նա­ցաւ «Մա­տամ Ֆի­կա­րօ» մրցա­նա­կին։ «Մա­տամ Ֆի­կա­րօ»ն յայտ­նի «Լը Ֆի­կա­րօ» օ­րա­թեր­թի կա­նանց յա­ւե­լուածն է, որ ու­նի բա­ւա­կան լայն տա­րա­ծում ու կը կազ­մա­կեր­պէ նման մրցոյթ մը։ Վա­լե­րի Թո­րա­նեան, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Elle ամ­սագ­րի նախ­կին գլխա­ւոր խմբա­գիրն է, այս գիր­քին մէջ անդ­րա­դար­ձած է իր ըն­տա­նի­քի պատ­մու­թեան ու մա­նա­ւանդ Ե­ղեռ­նէն մա­զա­պուրծ փրկուած մեծ­մօր՝ Ա­ղաւ­նիի։ Գոր­ծը յայտ­նուած է ֆրան­սա­կան մա­մու­լի եւ հա­սա­րա­կու­թեան ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին եւ այդ հի­ման վրայ ալ ար­ժա­նա­ցած՝ մրցա­նա­կի։ 
«Ֆլա­մա­րիոն» հրա­տա­րակ­չա­տան կող­մէ լոյս ըն­ծա­յուած վէ­պի կող­քին վրայ մատ­նան­շուած է, թէ հե­ղի­նա­կի մեծ­մայ­րը կը կո­չուէր Ա­ղաւ­նի եւ ան եր­բեք չէր խօ­սեր իր ան­ցեա­լին մա­սին։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Վա­լե­րի Թո­րա­նեան յայտ­նած է, թէ ող­բեր­գու­թիւ­նը չէ կոտ­րած հայ ժո­ղո­վուր­դը եւ ան ստեղ­ծած է նոր կեանք մը՝ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ պա­հե­լով այն սար­սա­փե­լի ո­ճի­րը, որ կա­տա­րուե­ցաւ նա­խորդ դա­րու սկիզ­բին։

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2015