300-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Գանատայի Թորոնթօ քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ (ՍԳԼՀԿԵ) մէջ յիշատակուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար կղզի հաստատուելու 300-ամեակը, կազմակերպութեամբ զանազան Մխիթարեան վարժարաններու սաներուն 8 տարիներ առաջ հիմնած «Մխիթարեան Սանուց Միութիւն-Թորոնթօ»ի (ՄՍՄ-Թ) կողմէ։ Այս միութիւնը ծնունդ առած էր 2007 թուականին Մխիթարեան միաբանութեան գործունէութեան 300-ամեակի տօնակատարութեան առ ի հետեւանք։ Օրուայ հանդիսութեան կը նախագահէր Արհի. Տ. Միքայէլ Եպսկ. Մուրատեան՝ առաջնորդ Հիւսիսային Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Հայ Կաթողիկէ համայնքի։ Ձեռնարկը կը հովանաւորէր եկեղեցւոյն երկարամեայ հոգեւոր հովիւ Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեան։

Իւրաքանչիւր ներկայի եկեղեցւոյ մուտքին տրուեցաւ. ՄՍՄ-Թ-ի այս առիթով Վենետիկի մէջ անգլերէն լեզուով տպագրել տրուած, Մխիթարեան վանքը ծանօթացնող, գունաւոր, գեղատեսիլ գրքոյկ մը։

Հրաւիրեալներու աթոռները գրաւած էին Հայաստանի Թորոնթոյի պատուակալ հիւպատոս Պերճ Ռիչըրտ Սվազլեան, Հայաստա-նի Սփիւռքի նախարարի Թորոնթոյի պատ-ւակալ խորհրդական Խորէն Մարտոյեան, Իտալիոյ Թորոնթոյի հիւպատոսարանի մշակութային կցորդ պատմաբան Maria Cristina Mignatti, օրուայ պատգամաբեր, Մխիթարեաններու Վենետիկի ուխտէն Հ. Մեսրոպ Վրդ. Սիւլահեան, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Թորոնթոյի առաջնորդ Cardinal Collins-ի ներկայացուցիչ Հայր Timothy MacDonald Վարդապետ, Հայաստանեայց Առաք. Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարկարեան եւ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ Տ. Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Փանոսեան, Զօրեան հիմնարկի նախագահ Գուրգէն Սարգիսեան, Թորոնթոյի Միջյարանուանական յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Ճանպազեան, Թորոնթոյի ամէնօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարաններու տնօրէնները եւ ուսուցիչները։

Հանդիսութիւնը սկսաւ եկեղեցւոյն «Այտընեան» երգչախումբին, առ ի քաջալերենք Մխիթարեան միաբաններուն, հրամցուցած «Բամ փորոտան»ով՝ բառերը Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի եւ երաժշտութիւնը Բարսեղ Կանաչեանի, ղեկավարութեամբ Եսայի Սարգիսեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Լենա Եոզկատլեան-Նահասի։

Օրուայ ձեռնահաս հանդիսավարը, Պոլսոյ Վիեննական Մխիթարեան վարժարանի շրջա-նաւարտներէն եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոթոյի մասնաճիւղի 25 տարուայ ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան ի դիմաց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, նաեւ ՄՍՄ-Թ-ի, բարի գալուստ մաղթեց բոլոր հիւրերուն՝ մի առ մի, եւ ներկայ թորոնթոհայութեան։

Հանդիսավարի հրաւէրով՝ «Այտընեան» երգչախումբը այս անգամ ալ երգեց բառերը Հ. Գաբրիէլ Աւետիքեանի «Զարթիր աշխարհ»՝ Ս. Ղազար մայրավանքի քայլերգը։ Ներկաները յոտնկայս հետեւեցան այս երգեցողութեան, որ արժանացաւ բուռն ծափահարութեան։

Բեմ հրաւիրուեցաւ իր մանուկ եւ պատանեկան տարիներուն՝ վեց տարիներ, Ս. Ղազար վանքի մէջ ուսանած, վանական կեանքի քաջածանօթ, նախկին նորընծայ, այժմ ՄՍՄ-Թ-ի վարչութեան փոխ-ատենապետ Յարութ Մարտիրոսեան։ Ան, մարդու կեանքին մէջ «հասցէ»ի մը, մանաւանդ մնայուն հասցէի մը կարեւորութիւնը մատնանշելէ յետոյ ըսաւ, թէ Էջմիածինը, Սեւանայ վանքը, կրկին Սեբաստիան, Պոլիսը, Հալէպը, Լիբանանը, Կիպրոսը, դարձեալ Սեբաստիան եւ Յունաստանի Մորեա թերակղզիի Մեթոն քաղաքը եղան Մխիթար Սեբաստացիի ժամանակաւոր հասցէները, բայց Վենետիկի Ս. Ղազար կղզին, ուր իր միաբաններով հաստատուեցաւ, եղաւ իր վերջնական հասցէն։ Այդ հասցէն, անցեալ երեքհարիւր տարիներու ընթացքին, եղաւ նաեւ շատ մը անուանի հայ մտաւորական հանճարներու հասցէն, ինչպէս՝ Չամչեանի, Աւգերեանի, Հիւրմիւզեանի, Բագրատունիի, Ալիշանի, Ղազիկեանի եւ այլ հարիւրաւոր նուիրեալ վարդապետներու։ Ան ըսաւ, թէ այդ հասցէն եղաւ նաեւ հայոց դարաւոր մատեան մասունքներու, աշխարհի երկրորդ մեծագոյն հայկական ձեռագիրներու, հայկական դարաւոր թերթերու ի մի հաւաքման հասցէն։ Այդ հասցէին մէջ մաքրուեցաւ հայոց լեզուն, ծայր առաւ հայուն մտաւորական վերածը-նունդը, ծաղկեցաւ հայ մամուլը, քաղաքական ազատութեան մէջ ուսումնասիրուեցաւ եւ վերագնահատուեցաւ հայոց պատմութիւնը, դարբնուեցաւ ազգային քաղաքական մտածելակերպը։ Եւրոպան այս հասցէով ծանօթացաւ հայուն բարձրորակ մշակոյթին։ Ստեղծագործական ու թարգմանական գրականութեան ամէն մարզին զարկ տալով եւրոպական ու տոհմային գրականութեան միջեւ գոյացած կամուրջին հասցէն եղաւ։ Մարտիրոսեան յիշեցուց, թէ Ս. Ղազար կղզին՝ San Lazzaro-ն, Վենետիկի Հանրապետութեան Ծերակոյտին որոշումով Մխիթարեաններուն մնայուն կերպով տրուած էր 8 Սեպտեմբեր 1717 թուականին ու մենք այսօր կը տօնէինք այդ տուչութեան 300-ամեակը։ Ան իր խօսքը աւարտելէ առաջ կոչ ուղղեց հանրութեան յաճախակիօրէն այցելել Ս. Ղազար վանքը, քաջալերել վարդապետները, ինչպէս նաեւ ծնողներ՝ որպէսզի անոնք իրենց զաւակները առաջնորդեն դէպի այս սուրբ առաքելութիւն։

ՍԳԼՀԿ Եկեղեցւոյ երկար տարիներու արժանաւոր եւ ժրաջան հոգեւոր հովիւ Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեան ներկաները ողջունելէ յետոյ՝ ըսաւ, թէ Թորոնթոյի Մխիթարեան սաները, մղուած իրենց ջերմ երախտանքի, խորին գնահատանքի, արդար պարծանքի եւ մանաւանդ անմար սիրոյ որպէս դոյզն ընծան՝ հանդէպ իրենց պատանեկան կրթական օճախներուն, մտայղացան, խանդավառօրէն պատրաստեցին այս յիշատակման երեկոն։ Ան ըսաւ, թէ այս առիթէն օգտուելով երկիւղածութեամբ ու խորին յարգանքով կը խոնարհէր Մխիթարեան միաբանութեան անցեալի ու ներկայի ուխտեալ նուիրեալներու փաղանգին առջեւ, որոնք որպէս «անձինք նուիրեալք», նման իրենց հիմնադիր Աբբահօր, անսակարկ նուիրումով ծառայեցին հողմնացրիւ հայ հասարակութիւններու հոգեւոր, ազգային, կրթական եւ մշակութային վերա-ծընունդին։ Ան անգամ մը եւս Մխիթարեան սաներուն խոստացաւ իր անվերապահ աջակցութիւնը եւ անոնցմէ խնդրեց ՍԳԼՀԿ Եկեղեցին նկատել որպէս Ս. Ղազար մայրավանք, կամ իրենց մանկութեան օրերու Մխիթարեան վարժարանի օրրանը։

ՄՍՄ-Թ-ի վարչութիւնը, մշակութային բնոյթ ունեցող այս յիշատակութեան ձեռնարկին որպէսզի Թորոնթոյի բոլոր հայութիւնը մասնակից դառնայ, հրաւիրած էր Թորոնթոյի երեք հայկական վարժարաններէն մէկական երիտասարդ աշակերտ, արտասանելու հայկական ոգիով ողողուած Հ. Ղեւոնդ Վրդ. Ալիշանի «Հայ հանճար» քերթուածը։ Բուռն ծափահարութիւններու արժանացան Միքայէլ Կոլենդուխի՝ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ ազգային շաբաթօրեայ, Բիւրակ Սաֆարեան՝ Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ եւ Դանիէլ Մովսէսեան՝ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարաններու աշակերտ։

Հանդիսավարը անգամ մը եւս հրաւիրեց «Այտընեան» երգչախումբը, Վիեննական Մխիթարեաններու աբբահայրերէն (1887-1902) գրագէտ, լեզուաբան, տասնեակ լեզուներու տիրացած, «Աշխարհաբար լեզուի հայրը» նկատուող, երաժշտագէտ Հ. Արսէն Այտընեանի (1825-1902) յօրինած հայկական պատարագէն (երբ տակաւին Երկմալեան կամ Կոմիտասեան պատարագները գոյութիւն չունէին) երգելու հինգ շարականներ՝ «Խորհուրդ խորին», «Քրիստոս ի մէջ», «Յամենայնի օրհնեալ ես Տէր», «Ամէն եղիցի անուն Տեառն օրհնեալ» եւ «Օրհնեցից զՏէր»։ Հ. Այտընեան եղած է առաջին անձը, որ կարգաւորած եւ արեւմտեան խազի (note) անցուցած է հայկական պատարագը։ Այտընեան պատարագը առաջին անգամ երգուած է Վիեննայի մէջ 1877-ին։ 1887-ին ալ, Այտընեանի աբբահայրութեան ձեռնադրման օրն ալ երգուած է նուգախումբի ընկերակցութեամբ։ Ի յարգանս Այտընեան աբբահօր յիշատակին, եկեղեցւոյ երգչախումբը անուանուած է «Այտընեան երգչախումբ»։ Այս նոր անունով առաջին անգամ հանրութեան ներկայացող երգչախումի այս կատարումը աժանացաւ ներկաներու գնահատանքին ու յոտնկայս ծափահարութեան։

Հանդիսավարի հրաւէրով բեմ բարձրացաւ Ս. Ղազար մայրավանքին մէջ ուսանած նախկին նորընծայ Մովսէս Հայիթեան, ներկայացնելու օրուայ պատգամաբեր՝ Հ. Մեսրոպ Սիւլահեանը։ Հ. Մեսրոպ ծնած է 1959-ին Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը։ 12 տարեկանին ղրկուած է Ս. Ղազար վանք։ 1980-ին կատարած է իր երեք տարուայ ժամանակաւոր ուխտը եւ ղրկուած Հռոմ՝ ստանալու իմաստասիրական ու աստուածաբանական ուսում։ 1986-ին Անճելիքում Պապական համալսարանէն կը ստանայ վկայական։ Նոյն տարին Ս. Ղազարի մէջ կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի։ 1988-ին որպէս ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ, նաեւ կը կատարէ վանքին մէջ հրատարակուող «Հայ Ընտանիք» ամսաթերթին խմբագրութիւնը։ 1988-2000 թուականներուն միջեւ կը պաշտօնավարէ Մխիթարեան զանազան վարժարաններուն մէջ, յատկապէս Արժանթինի Մխիթարեան վար-ժարանը։ Երբ 2000-ին Վենետիկի եւ Վիեն-նայի միացումը կ՚իրականանայ, կ՚ընտրուի մատակարար, իսկ 2006-ին՝ աբբահօր փոխանորդ՝ աթոռակալ։ 2008-ին իրեն կը յանձնուի Պիքֆայայի Մխիթարեան վանքի վանահայրութիւնը՝ հաւաքելու եւ պատրաստելու կոչումներ, ինչպէս նաեւ ապահովելու վանքին կենսական ապագան, զորս մինչեւ այսօր կը կատարէ։ 2010-ին կը նշանակուի նաեւ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդութեան փոխանորդ։ Երբ Սրբազան Քահանայապետը 12 Ապրիլ 2015-ին օրը Հռոմի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ պաշտօնապէս ճանչցաւ հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացին «Եկեղեցւոյ վարդապետ» հռչակեց, Հ. Մեսրոպ Սիւլահեան այդ օրուայ պատարագին ներկայ գտնուած է եւ իր կարեւոր աջակցութիւնը բերած՝ արարողութեան։ Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան այցելութեան ընթացքին անոր եկեղեցական ու պետական անձերու հետ ունեցած տեսութիւններուն պաշտօնական թարգմանիչն էր։ Ըստ իր միաբան եղբայրներուն վկայութեան՝ Հ. Մեսրոպ լայնախոհ, բարեմիտ, անկեղծ, համակրելի անհատականութեան տէր անձ մըն է՝ ամբողջական կրօնաւոր Մխիթարեան վարդապետ մը։

Մովսէս Հայիթեան իր խօսքի աւարտին հրաւիրեց Հ. Մեսրոպ Սիւլահեանը՝ տալու իր անձնական պատգամը։

Հ. Մեսրոպ Վրդ. Սիւլահեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց զինք ծանօթացնող Մովսէս Հայիթեանին, ապա ողջունեց հրաւիրեալները, ներկաները ու յատկապէս սրտի հատոր նախկին սաները, որմէ յետոյ տուաւ իր պատգամը։

Որպէսզի յարգոյ հասարակութիւնն ալ մօտէն ծանօթանայ Հ. Մեսրոպ Վարդապետի այս շահեկան պատգամին, զայն հոս կը տեղադրենք՝ նոյնութեամբ։

«Այսօր, այստեղ հաւաքուած ենք տօնելու, տօնախմբելու Մխիթար Աբբահօր եւ իր 11 աշակերտներուն Ս. Ղազար կղզի մուտքը՝ հոգ չէ թէ մի քիչ կանուխ, քանի որ մուտքը եղած էր 1717 տարուոյ Սեպտեմբերի 8-ին։

«Հայ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին հոգեւոր ու գրական մշակոյթի ասպարէզէն ներս, պատմական եւ անջնջելի դրոշմ թողած Մխիթարեան միաբանութեան Ս. Ղազար մայրավանքին մէջ հաստատման եւ երեք դարու ծառայութեան յոբելեանը տօնելու հաւաքուած ենք։ Նման առիթներով սովոր է բեմերուն վրայ շլացուցիչ եւ արտասովոր բառեր շռայլել հանդիսատեսներուն, որպէսզի պարտ ու պատշաճ կերպով նշենք եւ լաւագոյնս դրսեւորենք յիշատակելի անձին կամ իրողութեան ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը։

«Հաստատ գիտենք, թէ Մխիթար Սեբաստացին ու իր հիմնած միաբանութեան վաստակը, հայ հոգեւոր եւ իմացական աշխարհէն ներս ինքնին պերճախօս վկայութիւն մըն է անոր մատուցած տիտանային ու պատմական անկիւնադարձային գործին, որ ծանօթ է հոգեւորականին, պատմաբանին, լեզուաբանին, գրականագէտին, բանասէրին, բառարանագէտին, քերականագէտին ու դեռ շատերու, այնուհանդերձ անհրաժեշտ է որ մենք մեր յարգանքի տուրքը ձօնենք անցեալին կատարուած գործերուն եւ ջանանք անոնց պատուական եւ գործնական տարողութիւնը տեսնել։

«Մխիթար, Սեւանայ կղզիի Առաքելոց վանքի եկեղեցիին մէջ, Ս. Կոյսի տեսիլքով ու յատկապէս Աստուածամօր «Եղիցի»ով զօրացած, Կ.Պոլսոյ մէջ հիմնած է իր նորափթիթ միաբանութիւնը՝ 1700 թուականին, եւ զայն նուիրած Աստուածամօր։ Սակայն, ինչպէս գիտենք, կրօնական հալածանքներու փոթորիկ մը շուտով այդ նորահաստատ միաբանութիւնը վտանգի ենթարկած է ու անոր ապագան խաթարած։ Մխիթար հաւատքի իր աննկուն համոզումով գիտէր ու կ՚ապրէր առաքեալի այն խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Ան որ կ՚ուզէ աստուածավախ կեանք մը անցընել, հալածանքի մէջ թող ապրի»։ Հալածանքի մէջ Աստուծոյ մատը պէտք է տեսնենք ու Անոր աստուածային նախախնամութեան ներկայութիւնը ապրինք, քանի առանց այս հալածանքներուն, մենք պատմականօրէն գիտենք, թէ միաբանութիւնը պիտի չաճէր, չի զարգանար, պիտի չտեղափոխուէր վայրէ ի վայր, հասնելու համար հոն, ուր նախախնամութիւնը սահմանած էր Մխիթարին եւ իր զաւակներուն՝ աճելու, զարգանալու, գործելու ի նպաստ հայ ժողովուրդին։ Այնպէս որ երբ տարին չանցած, 1702 թուականին, Մխիթար անմիջապէս ուզած էր իր միաբանութիւնը խաղաղ ափերու վրայ փոխադրել։ Որով անոնք կը փոխադրուին Յունաստանի Մորէա (Պելոպոնես) թերակղզիի Մեթոն ծովեզերեայ բերդաքաղաքը, որ այդ թուականներուն կը գտնուէր Վենետիկի հասարակապետութեան գերիշխանութեան ներքեւ՝ հեռու օսմանեան թուրք միջավայրի մնայուն արշաւանքներէն եւ կրօնական հալածանքներէն։ Եւ այս բոլորը կ՚ըլլան, որպէսզի լցուի իր շուրջ հաւաքուած կրօնաւորներուն հոգեւոր ու գրական, փիլիսոփայական, աստուածաբանական կազմաւորումը։ Արդարեւ, Մխիթար ղեկավարի յատուկ ձիրքով օժտուած, կրցաւ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ Մեթոնի մէջ կառուցանել վանական համալիր մը ու եկեղեցի մը, ատոր զուգահեռ եկամտաբեր աղբիւրներու վրայ հիմնուելով եւ ապա ապահովելով այնտեղ ապրող փոքրիկ հասարակութեան նիւթական պիտոյքները։

«1715 տարւոյն սկիզբը Աստուած անգամ մը եւս կը փորձէ Մխիթարի հաւատքը։ Եւ ահա օսմանեան զօրքերու, նաւերու եւ թնդանօթներու ձայնը կը հասնի Յունաստանի այս խաղաղ ափերը։ Մխիթար, որ հեռացած էր Արեւելքէն, ահա՛ Արեւելքի օրհասը՝ օսմանցին կը մօտենար իրեն ու իր նորածաղկեալ միութեան։ Իմանալով կղզիին ղեկավարներէն քաղաքին անխուսափելի գրաւումը, Մխիթար ասպնջականի ցուպը ձեռքին կրկին կը թողու իր նորակառոյց վանքը եւ կ՚ուղղուի դէպի Վենետիկ, վստահելով իրեն ծանօթ բարձրաստիճան իշխանաւորներու եւ անոնց տուած յանձնարարական նամակներուն։

«1716-ի Մարտի սկիզբը, Մխիթար հետը առնելով իր 11 աշակերտները ու հոն թողլով չորս վարդապետներ եւ եղբայր մը, խալխլած նաւով մը կը ճանապարհորդէ դէպի Վենետիկ։ Յետոյ կ՚իմանայ, ամիս մը չանցած, արդէն օսմանցիները հասած, պաշարած եւ հիմնայատակ կործանած են այդ քաղաքը ու հոն մնացած չորս վարդապետները եւ եղբայրը յանձնած՝ տեղւոյն հայերուն, որպէսզի այդ գերիները ծախուին։ Տեղւոյն հայերը իրենք կը գնեն զանոնք ու Վենետիկ կը հասցնեն։

«Միաբանութեան ժամանակագրութենէն տեղեակ ենք, թէ Մխիթար շուրջ մէկուկէս տարուայ ընթացքին, իրեն ծանօթ բոլոր մեծամեծներուն դիմելով, Վենետիկի մէջ կը տքնի, որպէսզի Ծերակոյտը իրեն քաղաքին մէջ կեդրոն մը շնորհէ՝ վայր մը, ուր կարենայ իր վանքը կառուցանել, բայց ինչպէս տեղեակ ենք, այն ժամանակուայ Ծերակոյտի տասնեակ տարիներ առաջ տուած յատուկ որոշումով, արգիլուած էր Վենետիկ քաղաքին մէջ նորակառոյց վանքի մը, կամ հասարակութեան մը հաստատուիլը։ Այնպէս որ իրեն ցոյց կու տան Վենետիկի շուրջ գտնուող կղզիները եւ ինք շրջելով իր աշակերտներուն հետ, ի վերջոյ իր հայեացքները կը կեդրոնացնէ լքուած, նախկին բորոտներու կղզիին վրայ, որ կը կոչուէր Ս. Ղազար եւ զայն կ՚ընտրէ որպէս իրենց բնակարան եւ միաբանութեան կեդրոն։ Ծերակոյտը ցկեանս՝ առ յաւէտ կը շնորհէ այդ կղզին Մխիթարին եւ աշակերտներուն։ Յատկանշական է, որ 1717 տարուոյ Սեպտեմբեր 8-ին, անգամ մը եւս Աստուածամօր ծննդեան տօնին առիթով, մեծն Սեբաստացին ու իր զաւակները կը մտնեն աւետեաց երկիրը՝ Ս. Ղազար կղզին, որ պիտի ըլլար Մխիթարեան միբանութեան եւ համայն հայութեան համար որպէս նոր հայրենիք, փոքրիկ Հայաստան մը, ինչպէս մինչեւ վերջերս շատեր այդպէս կ՚որակէին, որմէ հոգեւոր եւ ազգային լոյսի ճառագայթները պիտի հասնէին հոգիին եւ մարդուն՝ արթնցնելով, վերակենդանացնելով մեր դարաւոր եկեղեցւոյ սուրբ հայրերուն եւ հայրապետներուն հաւատքը եւ մեր նախնեաց գիտելիքներու հազարագանձ ժառանգութիւնը։ Այդ թուականէն սկսեալ երեք դար շարունակ, Ս. Ղազար կղզին չդադրեցաւ լոյսի, քրիստոնէավայել հաւատքի եւ ազգային անցեալի ու ապագայի պանծացնող ինքնութեան եւ արժէքներու փարոսը դառնալէ։

«Մխիթար լծուեցաւ Ս. Ղազարի կիսաւեր, ամայի կղզին շէնցնել, գեղեցկացնել եւ ճարտարապետական բարձր ոճով եւ որակով ճոխացնել, միաժամանակ վերածաղկեցնել իր անձնական եւ եկեղեցական կեանքը, ծիսական արարողութիւնները, ըստ կարելին՝ համաձայն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ աւանդութեան։

«Մխիթար եղաւ մեծ դաստիարակ ու րաբունապետ, առաջնորդելով, դասաւանդելով գիտական մակացութիւնները ու վարդապետական գիտելիքները իր աշակերտներուն, որոնք Ս. Ղազարի մէջ կատարեալ ուսուցումներով կազմաւորուած պիտի ղրկուէին պատմական Հայաստանի քաղաքները եւ գիւղերը՝ Քրիստոսի աւետարանը քարոզելու եւ հոգիներու փրկութեամբ զբաղելու։

«Մխիթար, իր իսկ կենդանութեան, հիմնած էր նաեւ դպրոց մը, հայազգի մեր զաւակներուն, որոնք Նովիսար քաղաքը կ՚ապրէին, որ այժմ Սերպիոյ մէջ է։

«Այս բազմավաստակ եւ այլազան զբաղումներուն մէջ Մխիթարի սրտին ամենահարազատ գործունէութիւնը գիրքերու հրատարակութիւնն էր։ Մխիթար հասկցած էր որ Արեւմուտքի սեմին բազմած, այսպէս կոչեցեալ «Վենիշ» քաղաքը, համբաւաւոր իր քարտէսներով, գիտութեամբ, ճարտարապետութեամբ, գեղանկարչութեամբ եւ յատկապէս իր տպարաններով, գրեթէ երկրորդ օրրան մը դարձած քաղաքը՝ Վենետիկ քաղաքը, կարող է միայն ընձեռել այդպիսի հնարաւորութիւններ Մխիթարի գաղափարախօսութիւնը պարփակող գործողութեան, որ է հրատարակութիւն։ Եւ ուր արդէն 1512 թուականին հրատարակուած էր հայ առաջին հատորը։ Այնպէս որ Մխիթար չէր կարող Վենետիկէն դուրս ուրիշ վայր մը փնտռել իբր մշտական բնակարան իր միաբանութեան։

«Մխիթարի ինքնագիր գրչէն կամ թարգ-մանութիւններէն կան տպագրուած յիսուն գիրքեր, ներառեալ հայերէն Ս. Գիրքի հրատարակութիւնը, «Մեկնութիւն Մաթէի» հաստածաւալ հատորը, հայերէն լեզուի քերականութեան հատորներ՝ մեծերու եւ փոքրահասակներու, քրիստոնէական գիրքեր, հոգեւոր կեանքի եւ խրատական հատորներ, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին անդրանիկը հանդիսացող «Հայկազեան» բառարանը եւ այլ հատորներ, որոնք կը կրեն Մխիթար Աբբահօր ստորագրութիւնը։

«Պարզապէս յիշատակելու համար Մխիթարի, յետ մահու, 1838-ին, երկու հատորներով հրատարակած «Բառգիրք հայկազեան լեզուի» աշխատութիւնը, ըստ այսօրուայ բոլոր հայագէտներուն, դեռ չէ գերազանցուած, նամանաւանդ կ՚ըսուի, թէ դժուար է որ ասկէ աւելի լաւագոյնը լոյս ընծայուի։

«Մխիթար ճամբան բացաւ եւ անոր հետեւեցան իր միաբան աշակերտները, ըլլան անոնք հոգեւոր ասպարէզի մէջ, ըլլան աշխարհական՝ կրթական, դաստիարակչական, հրատարակչական ասպարէզներու մէջ։ Կ՚ըսուի, թէ հարկ է որ աշակերտը գերազանցէ իր ուսուցիչը։ Այդպէս ալ եղած է որոշ ասպարէզներու մէջ ու Մխիթարի աշակերտները առաւելագոյն կերպով գերազանցած են իրենց րաբունապետը։

«Այստեղ աւելորդ կը համարեմ անուա-նացանկը արտասանել Մխիթարի զաւակներուն, որոնց գրական երկասիրութիւնները եւ աշխատանքի արգասիրքը քաջածանօթ է ուսումնասէրներու եւ գիտաշխատողներու, ըլլան անոնք հոգեւորական թէ աշխարհական։ Իսկ եթէ կ՚ուզէք մի քանի անուններ յիշատակել Մխիթարի հոգիով թրծուած հոգեւորականներու, հարկ է որ յիշատակենք Հ. Միքայէլ Չամճեանը, Հ. Արսէն Բագրատունին, Հ. Ղաւոնդ Ալիշանը, Հ. Գաբրիէլ Այվազովսկին, Հ. Ղուկաս Ինճիճեանը, Հ. Արսէն Ղազիկեանը, Հացունին, Գաթըրճեանը, Տաշեանը եւ շատ ուրիշներ, որոնք երեք դարու ընթացքին հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ իմացական հորիզոնին վրայ փայլեցան, պանծացնելով մեր մեսրոպական գիր ու գրականութիւնը յաչս մեր հայ ազգին եւ օտարներուն։ Մխիթար Աբբահօր Ս. Ղազար կղզի մտնելու 300-ամեայ յոբելեանի առթիւ շեփորահարելու զինք եւ ոչ ալ ջատագովական մարգարտաշատ խօսքերով եւ ուռուցիկ ոճով պանծացնելու այն ինչ-որ ինք, իր կենդանի եւ խօսուն օրինակը հանդիսացած էր հայոց պատմութեան մէջ, որպէս անկիւնադարձային իրականութիւն մը։ Մխիթարի հիմնած միաբանութիւնն է, որով կը սկսի հայ գրականութեան եւ մշակոյթի վերածնունդը։

«Այսօր Ս. Ղազարի միաբանութեան դիմաց անյետաձգելի եւ անյապաղ ծառացած է շատ մը մարտահրաւէրներ, որոնք լուծում կը պահանջեն. ինչպիսին են՝ միաբանութեան շարքերու նօսրացումը, որ ծանր նահանջ մը արձանագրած է վերջին 30-40 տարիներու ընթացքին։ Կրթա-դաստիարակչական կեդրոններու նուազումը, փակումը։ Գրական, բանասիրական գործունէութիւններու լռելեայն բացակայութիւնը, թէեւ միացեալ Մխիթարեան միաբանութիւնը կը պահէ ու կը շարունակէ հայ ժողովուրդի նահապետ, առաջին թերթը՝ «Բազմավէպ»ը հրատարակել, ինչպէս նաեւ «Հանդէս Ամսօրեայ»ն, սակայն հոն Մխիթարի որդիներն ու գրիչները բացակայ են։

«Անձնապէս միշտ խուսափած եմ եւ անընդունելի կը նկատեմ ուրիշներու փետուրներով զարդարուիլ՝ ըլլան անոնք հարազատ ու արդար հպարտութիւնը մեր նախնիներու։ Հարկ է եւ մենք սիրով կ՚ընդունինք որպէս իրականութիւն եւ միանձն-ներ, Մխիթարի որդիներ, արդի ժամանակներու մարտահրաւէրները եւ ունինք եւ կը փայփայենք մեծ յոյսեր, որ մօտալուտ ապագային լուրջ ծրագիրներով հանդերձ կու գան Սեբաստացիի հոգիով սնած ու թրծուած հոգեզաւակները, որդեգիրները եւ ասոնց վրայ աւելցնելով մեր տակաւին հոծ նախկին սաները եւ անոնց միութիւնները, որպէսզի, ինչպէս կ՚ըսէ գիրը «Եղբայր եղբօրէ օգնեալ որպէս քաղաք ամուր», նոյնը կարենանք միասնաբար՝ եկեղեցական միաբաններս մեր աշխարհական սաներու փաղանգին հետ Մխիթարի հոգիով, տեսլականով ու գաղափարախօսութեամբ շարունակենք ապրիլ եւ ծառայել մեր ժողովուրդին եւ եկեղեցւոյ։

«Շնորհակալութիւն ձեր համբերութեան եւ յոյսով ենք, որ այս բոլորը յաղթանակով պիտի պսակուին եւ իմանան անձինք, որ Մխիթարեանները դեռ չեն անցած եւ պիտի չանցնին»։

Հ. Մեսրոպ Սիւլահեան իր պատգամը աւելի ամփոփ ձեւով կրկնեց թէ՛ անգլերէնով եւ թէ իտալերէնով՝ ի յարգանս ներկայ ոչ-հայախօսներուն։ Իր պատգամը արժանացաւ երկարատեւ ծափահարութիւններու։

Պատգամին յաջորդեց «Այտընեան» երգչախումբի վեց երիտասարդ ու երիտասարդուհիներու ելոյթը։ Գարուն Շահինեան, Արմինիա Սարգիսեան, Մարիա Մարտիրոսեան, Դանիէլ Դանիէլեան, Ջիւան Ստեփանեան եւ Գաբրիէլ Շահինեան ներկայացուցին առանց նուագի ընկերակցութեան (a cappella), ինչպէս կ՚երգէին Մխիթար Աբբահայր եւ իր վարդապետները, նոյն ինքն Մխիթարի յօրինած եւ դաշնաւորած շարականներէն երեքը՝ «Երանուհի Մարիամ», «Անճառին Խորան» եւ «Աղաչեմ զՔեզ Աստուածածին»։ Ելոյթը արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին։

Թորոնթոյի ՄՍՄ-ը անցեալ տարուան Արցախեան քառօրեայ պատերազմին զոհ-ւած զինուորներուն ընտանիքներուն որոշ գումար մը տրամադրած էր։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարի պատուակալ խոր-հըրդական Խորէն Մարտոյեան, յանուն Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութեան, միութեան վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Ազնաւուրին յանձնեց նախարարութեան շնորհակալագիրը։

Ժիրայր Ազնաւուր ալ, առ ի գնահատանք «Այտընեան» երգչախումբի օրուան յայտագրին բարձրորակ կատարմամբ մասնակցութեան, երգչախումբի դաշնակահարուհի Լենա Եոզկատլեան-Նահասի յանձնեց յիշատակի նուէր մը։

Հանդիսավար Մկրտիչ Մկրտիչեան որպէս փակման խօսք Մխիթարեան սանուց միութեան անունով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ինն ամիսներէ ի վեր մասնակցած էին այս պատմական ձեռնարկի կազմակերպման։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հ. Եղիա Վարդապետին, որ հովանաւորած էր օրուան ձեռնարկը ու իր կարելիէն աւելին ըրած՝ զայն լաւագոյնս յաջողցնելու համար։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ հիւրերուն, որոնք հակառակ իրենց բազմազբաղութեան, ժամանակ գտած էին գալու եւ ձեռնարկը քաջալերելու, ինչպէս նաեւ ներկաներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ զօրավիգ կ՚ըլլային սանուցի աշխատանքներուն։

Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հ. Մեսրոպ Սիւլահեանին, որ զբաղ եւ դժուար կացութիւններու մէջ գտնուելով հանդերձ, ճիգ ու քաջութիւն ցոյց տալով, կտրած էր Ովկիանոսը եւ իր մխիթարանավայել պատգամը տուած։ Նկատի ունենալով, որ Հ. Մեսրոպ Վարդապետ իր աչքերով տեսաւ Մխիթարեան սաներու անկեղծ, անշահախնդիր սէրը, յարգանքն ու գնահատանքը հանդէպ Մխիթարեան միաբանութեան, հանդիսավարը վարդապետէն խնդրեց, որ ան Թորոնթոյի մխիթարեանասէր սաներու կայծը իր հետ տանի ու կղզիին մէջ մեծ կրակներ վառէ։ Հ. Մեսրոպ Վարդապետին ու բոլոր վարդապետներուն մաղթեց վերածնունդ մը՝ շարունակելու եւ վառ պահելու Մխիթար Աբբահօրմէն այժմու միաբաններուն ժառանգ հասած ձօնը, ի լուսաւորութիւն Հայկազնեայ եւ ի փառս Աստուծոյ։ Հանդիսավարը այս պահուն Հ. Մեսրոպին փոխանցեց ՄՍՄ-Թ-ի պատգամը՝ «Քաջ եղէք, անդրդուելի մնացէք ձեր առաքելութեան մէջ, գիտցէք թէ սաներու ջոկատ մը պատրաստ է ձեզի զօրավիգ կանգնելու։ Աստուածամօր «Եղիցին» օրհնէ ձեզ»։

Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատունը 300-ամեակի առթիւ 500 տպաքանակով արծաթեայ, գեղեցկօրէն պատրաստուած, պահպանակին վրայ թէ՛ հայերէն, թէ՛ ալ անգլերէն լեզուով Մխիթարեանները ծանօթացնող տեղեկութեամբ, յատուկ յուշադրամ հրապարակած էր։ Հանդիսավարի հրաւէրով Եսայի Սարգիսեան այս արժէքաւոր յուշադրամներէն մէկական հատ նուիրեց Maria Cristina Mignatti-ին, Հայր Timothy MacDonald-ին, Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեանին, Տ. Միքայէլ Եպսկ. Մուրատեանին եւ Հ. Մեսրոպ Վրդ. Սիւլահեանին։

Հանդիսավարը ըսաւ, թէ այսօրուան 300-ամեակի յիշատակութեան փակման լաւագոյն ձեւը պիտի ըլլար ընթերցումը Մխիթար Աբբահօր ձօնին, որով ան կը նուիրէ իր եւ իրեններուն առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի զաւակներուն եւ ի փառս Աստուծոյ։

«Խոնարհ սրտով քեզի կը նուիրեմ, ո՛վ Հայ ժողովուրդ իմ երկար տարիներու աշխատանքիս պտուղը, իբրեւ սիրոյ ձօն։

«Սրտանց կը տենչամ իմ վաստակս քեզի պարգեւել եւ բոլոր անոնց, որ պայմաններուդ մէջ կը գտնուին, որովհետեւ ինչ որ իմս է, անիկա քեզի կը պատկանի եւ ինչ որ քուկդ է՝ անիկա իմս ալ է։

«Անոր համար ինծի պարծանք է քեզի ծառայել, մանաւանդ թէ ասիկա լրումն է իմ եւ իմ աշակերտներուս պաշտօնին, որովհետեւ սկիզբէն ի վեր, ինչպէս ես, այս Միաբանութիւնն ալ սահմանուած է հայ ժողովուրդի մշակութային ծառայութեան եւ Աստուծոյ փառքին»։

Ըստ ՄՍՄ-Թ-ի սովորութեան, միութեան բոլոր ձեռնարկները կը փակուին «Իմ հեռաւոր Հայրենիք» խմբերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ, զոր այդ երեկոյ երգեց «Այտընեան» երգչախումբը, որուն ընկերակցեցան բոլոր ներկաները։ Այս երգին բառերը գրած էր բանաստեղծ Հ. Վահան Յովհաննէսեան, իսկ երաժշտութիւնն ալ յօրինած էր Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի սաներէն Գուրգէն Ալէմշահ։

ԳՈՃԱՆԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Միւս կողմէ, Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի վանատան Աբբահայր Հայր Պօղոս Ծ. Վրդ. Գոճանեան վերջերս Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ։ Այս առթիւ նախարարը հիացումով արտայայտուեցաւ հեղինակաւոր այս կառոյցի ծաւալած գործունէութեան, նաեւ Աբբահօր՝ հայագիտութեան զարգացման ուղղեալ աշխատանքներուն շուրջ։ Յակոբեան մասնաւորապէս կարեւորեց «Հանդէս Ամսօրեայ» հայագիտական պարբերականի վերջին տարիներուն բացառիկ համարները՝ ձօնուած Հայ գիրերու գիւտի 1500, հայ տպագրութեան 400 եւ հայերէն առաջին Աստուածաշունչի տպագրութեան 300-ամեակներուն առթիւ։

Զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցան արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման, ուղղագրութիւններու նոյնականացման ուղղեալ գործընթացներուն վերաբերեալ հարցեր։ Հայր Պօղոս Ծ. Վրդ. Գոճանեան պատրաստակամութիւն յայտնեց մասնակցելու արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման, արեւելահայերէնի հետ մերձեցման ուղղեալ իւրաքանչիւր ծրագրի եւ միջոցառման, իր գիտելիքներն ու փորձառութիւնը փոխանցել երիտասարդ լեզուաբաններուն եւ ուսուցիչներուն։

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2017