ԳԱԳԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆԻ ԹԻԿՆԱԶՕՐԻ ՊԵՏԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի մէջ ուշագրաւ եւ աղմկարար ձերբակալութիւնները կը շարունակուին։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան այս առաւօտեան հաղորդումներով՝ ձերբակալւած է յայտնի գործարար ու երեսփոխան Գագիկ Ծառուկեանի թիկնազօրի պետը՝ Էտուարտ Պապայեան։ Հայաստանի Քննչական կոմիտէի նախագահի խորհրդական Սօնա Տռուզեան յայտնեց, որ Պապայեան ձերբակալւած է Քրէական օրէնս-գիրքի 112-րդ յօդուածով՝ դիտումնաւոր ձեւով ուրիշի մը առողջութեան վնաս պատճառելու կասկածով։ Տռուզեան յայտնեց, որ մանրամասնութիւնները պիտի հրապարակուին աւելի ուշ։

Գագիկ Ծառուկեան Հայաստանի թէ՛ տնտեսական եւ թէ քաղաքական կեանքի յայտնի դէմքերէն մին է, որ լայն ազդեցութիւն ունի երկար տարիներէ ի վեր։ Ներկայիս իր անունով անուանուած դաշինքը կը հանդիսանայ երկրորդ մեծ խմբակցութիւնը Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս։

Երեքշաբթի, Յուլիս 3, 2018