ԿԱՐԳԱԶԱՆՑ ՍՔԵՄԱՒՈՐ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս վերջին շրջաններուն դիտումնաւոր հրահրուած արհեստական խնդիրներուն շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» լոզունգով, երեք հոգեւորականներու կողմէ առաջնորդուած սակաւաթիւ խումբ մը միջոցէ մը ի վեր կը պահանջէ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաժարականը։ Այդ խումբը շաբաթավերջին Էջմիածին քաղաքի հրապարակին վրայ իրականացուց իր հերթական ցոյցը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան շարք մը անհեթեթ պնդումներ։ Այս տխուր երեւոյթին գլուխը գտնուող հոգեւորականներէն մին է Ս. Գայիանէ վանքի նախկին վանահայր Տ. Կորիւն Աբեղայ Առաքելեան, որու կողմէ առնուած քայլերը ներկայիս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կարգապահական յանձնաժողովին կողմէ քննութեան տակ առնուած են։ Այդ հոգեւորականը շաբաթավերջի ցոյցերուն ժամանակ պնդումներ յառաջ քշեց «Գանձապետարանի թալանի» մասին։ Այդ բոլոր զրպարտութիւններուն եւ անհեթեթ պնդումներուն լոյսին տակ՝ Տ. Վահրամ Քահանայ Մելիքեան յայտարարութիւններ ըրաւ tert.am կայքէջին։ Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան այս առթիւ շեշտեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ որեւէ մտահոգութիւն չկայ վերոյիշեալ հանրահաւաքի ընթացքին հնչեցուած կաշառակերական մեղադրանքներուն առընչութեամբ։ Կայքէջի աշխատակից Անոյշ Թաշտենցի հետ ունեցած զրոյցին ժամանակ Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան ըսաւ. «Այդ ամէնը կեղծ է, մենք որեւէ մտավախութիւն չունինք»։

 Այդ պարագային զրպարտութեան համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը չի՞ պատրաստուիր դիմել դատարան։ Այս կապակցութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան բանբերը ընդգծեց հետեւեալը. «Մեզի դէմ անընդհատ կը զրպարտեն։ Եթէ այդպէս վարուինք, սա կը նշանակէ, որ մենք դատարաններէն դուրս պէտք չէ գանք։ Նորին Սրբութեան հետեւողականութեան շնորհիւ կատարուեցաւ լիարժէք ցանկագրում-գոյքագրում Սուրբ Էջմիածնի մէջ պահուող բոլոր սրբութիւններու եւ թանգարանային արժէքներու»։ 

Տ. Կորիւն Աբեղայ Առաքելեան շաբաթավերջի հանրահաւաքին ժամանակ պնդած էր, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գանձատունը թալանուած է։ Եկեղեցականներու տարազներու վրայի թանկարժէք ու կիսաթանկարժէք քարերը փոխարինուած են այլ քարերով, նաեւ ապակիներով։ Իսկ սուրբերու մասունքներու անփոփոխ մասնատուփերն ալ փոխարինուած են նորերով։ Աւելին՝ այդ հոգեւորականը պահանջած էր, որ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը ընթանայ իր յայտարարութեան հետքերով։ Այս պնդումներէն անմիջապէս վերջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Թանգարաններու տնօրէնութիւնը հանդէս եկած էր յայտարարութեամբ, որու մէջ նշուած էր, թէ այդ հոգեւորականը կը մոլորեցնէ հանրային կարծիքը։ 

Իսկ Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան tert.am կայքէջին ըրած յայտարարութեան մէջ ամբողջութեամբ ըսաւ հետեւեալը. 

Նորայայտ աղանդաւորական շարժման խթանիչներէն Կորիւն Աբեղան երէկ՝ Վաղարշապատ քաղաքին մէջ կատարեց իբր թէ բացայայտում, ըստ որու՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սրբութիւններն ու մասունքները կը վաճառուին ու կը կեղծուին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, իր լծակիցներու ու համախոհներու կողմէ։ 

Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ այդ սուտը երեւեցաւ նաեւ տեղեկատուական դաշտին մէջ՝ հարկ համարեցինք յանդորրամտութիւն Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններու բազմաթիւ այցելուներու եւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն ուղղեալ սոյն յայտարարութեամբ հանդէս գալ։ Խստօրէն դատապարտելով կարգազանց այդ սքեմաւորը՝ կը յայտնենք, որ վերոյիշեալ անձը եւ այդ շարժման ղեկավարները առ հասարակ հերթական սուտ ու անհիմն տեղեկութիւնը կը տարածեն իրենց հետեւորդներու շրջանակներէն ներս՝ մոլորեցնելով նաեւ բարեմիտ հաւատացեալները։ 

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բոլոր սրբութիւններն ու մասունքները, ինչպէս նաեւ թանգարանային առարկաները, ոչ միայն անձեռնմխելիօրէն եւ ապահով կը պահուին ու կը ցուցադրուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններուն մէջ, այլեւ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետի գահակալութեան տարիներուն հարիւրաւոր պատմամշակութային ու գեղարուեստական առարկաներով համալրուած են (մասունքներ, հինաւուրց խաչքարեր, ձեռագրեր, ինքնատիպ գիրքեր, սրբանկարներ, աստուածապաշտական ու նուիրական առարկաներ, եկեղեցական զգեստներ, գործուածքներ, գեղանկարներ, հին մետաղադրամներ ու թղթադրամներ, յուշադրամներ)։

Յատկապէս յիշատակութեան արժանի են երանաշնորհ Յովհաննէս Բ. Հռոմի Պապի կողմէ յանձնուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի մասունքները, ինչպէս նաեւ՝ Սեն Փեթերսպուրկի Պետական Էրմիթաժի կողմէ հռչակաւոր Սկեւռայի մասունքարանի վերադարձը Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցւոյ։ Շնորհիւ Հայոց Հայրապետի բարեխնամ տնօրինութեան վերստին կեանքի կոչուեցաւ սրբոց տօներու եւ եկեղեցիներու ու վանքերու ուխտագնացութիւններու առիթներով՝ Մայր Աթոռի Մասանց պահարանէն սրբոց մասունքներու դուրս բերումը եւ հայոց երկրի զանազան սրբավայրեր հանդիսաւորապէս տեղափոխումը ի մխիթարութիւն ու զօրացումն մեր հաւատացեալներուն։ Ինչպէս պատմական անցեալին, այսօր եւս միշտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը գոհացում կու տայ իր աշխարհասփիւռ թեմերու եւ ծխական համայնքներու հոգեւոր կարիքներուն։ 

Ընդառաջ այդ բոլորին, Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ եւ մեկենասութեամբ բարեպաշտ հայորդիներու պատրաստւած են նաեւ նոր մասունքարաններ, որոնց մէջ զետեղուած են Սուրբ Էջմիածնի մէջ պահուող զանազան սուրբ մասունքներէն մասեր ու նուիրաբերուած՝ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ սփիւռքի որոշ եկեղեցիներու (զոր օրինակ՝ Աշոտ Բ. Երկաթ արքայի Կենաց փայտի մասունքով խաչի կրկնօրինակի ընծայումը հայոց բանակին, Սուրբ Վարդան զօրավարի քարի մասունքով ճաճանչախաչի ընծայումը Հիւսիսային Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան թեմին, Կենաց փայտի մասունքով խաչի ընծայումը Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց թեմին, Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի մասունքով խաչի ընծայումը Կոտայքի թեմին եւ այլն)։

Հայոց հոգեւոր կեանքի նորոգութեան ու զօրացման ուղղեալ բոլոր ընծայաբերումները եւ Մայր Աթոռի թանգարաններու գանձերու համալրումները իրենց ժամանակին յատուկ կերպով ներկայացուած են թանգարաններու հաղորդագրութիւններով եւ լուսաբանուած՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուական համակարգի հրապարակումներով ու «Շողակաթ» հեռուստաընկերութեան տեսանիւթերով։ Կը յորդորենք, որ յետայսու ազգային-եկեղեցական դարաւոր սրբութիւններն ու արժէքները չդարձուին ստապատիր ու նուաստ խօսքավաճառութեան նիւթ, քանզի անոնց սուրբ զօրութիւնը կը սատակէ նման յան-դըգնութիւն ունեցող խաչագողները։

Երեքշաբթի, Յուլիս 3, 2018