ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԹՈՒԹԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Սիւնիքի մարզի Քարահունջ գիւղին մէջ, յուլիսի 7-ին, կը տիրէ թութի բոյրը, եւ զբօսաշրջիկները հնարաւորութիւն կ՚ունենան համտեսելու զայն՝ պատրաստուած տարբեր ձեւերով:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Արենի փառատօն» հիմնադրամի ծրագիրներու համակարգող Անի Մաւեան ներկայացուցած է Թութի փառատօնին առանձնայատկութիւնը, նպատակը, նորամուծութիւնները: Փառատօնը կը կազմակերպուի «Արենի փառատօն» հիմնադրամին կողմէ, համակազմակերպիչն է Գորիսի քաղաքապետարանը: Ձեռնարկին կ՚աջակցի Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէն:

ՔԱՐԱՀՈՒՆՋ ԳԻՒՂԸ՝ ԹՈՒԹԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ԻՐԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ՎԱՅՐ

Թութի փառատօնը տեղի կ՚ունենայ Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքէն 4 քմ. հեռաւորութեամբ գտնուող Քարահունջ գիւղին մէջ, յուլիսի 7-ին: Ասիկա ընդհանուր պետական ծրագիր մըն է, որ կը կոչուի «Սիւնեաց բարիքներ», այդ իսկ պատճառով ալ ձեռնարկի իրականացման իբրեւ վայր ընտրուած է Սիւնիքը: Երեք տարի անընդմէջ փառատօնը իրականացած է Գորիս քաղաքին մէջ: 2017 թուականին Քարահունջ գիւղին մէջ գտնուած է հիանալի տարածք մը, որ շատ յարմար է այդ փառատօնը իրականացնելու համար: Տարածքը ամբողջութեամբ կանաչապատ է, եւ շրջակայքը կան բազմաթիւ թութի ծառեր: Քարահունջ գիւղին մէջ թութի օղին հինէն ի վեր կ՚անուանեն «առիւծի կաթ»:

ՏԵՂԱՑԻՆԵՐՈՒ՝ ԹՈՒԹԷՆ ՊԱՏՐԱՍՏԱԾ ԲԱՐԻՔՆԵՐԸ

Քարահունջի մէջ տեղացիները թութէն կը պատրաստեն հնարաւոր ամէն ինչ՝ ռուպ, օղի, անուշ, չիր եւ այլն: Յարակից շրջաններու բնակիչներն ալ կը մասնակցին եւ գեղեցիկ ձեւաւորուած տաղաւարներու մէջ կը ցուցադրեն իրենց պատրաստածը: Ընթացքին տեղի կ՚ունենայ նաեւ ցուցահանդէս-վաճառք: Թութէն պատրաստուող բարիքներէն բացի, կ՚ըլլան նաեւ այլ կերակրատեսակներ, որոնք յատուկ են սիւնեցիներու խոհանոցին: Կ՚ըլլայ նաեւ ազգային ուտեստներու հիւրասիրութիւն: Տեղի կ՚ունենան նաեւ օղի թորելու վարպետաց դասեր։

ԳՈՐԻՍԸ՝ ԱՊՀ-Ի ԵՐԿՐՆԵՐՈՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ

Երկու օր անընդմէջ՝ փառատօնին ընթացքին, բազմաթիւ ձեռնարկներ կ՚իրականացուին նուիրուած Գորիսի՝ ԱՊՀ-ի երկիրներու մշակութային մայրաքաղաք ըլլալուն: Այնտեղ կ՚այցելեն մեծ թիւով հիւրեր եւ պատուիրակութիւններ ԱՊՀ-ի երկիրներէն: Այս տարի Թութի փառատօնը եզակի պիտի ըլլայ իր տեսակով:

ԹՈՒԹԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐԸ

Փառատօնին ընթացքին այս տարի պիտի ըլլայ ազգային երգ ու պար, պիտի կազմակերպուին տարբեր խաղեր: Պիտի պարէ «Արդուին» ազգագրական խումբը, ինչպէս նաեւ պիտի հնչեն Գորիսի ժողովրդական գործիքներու նուագախումբին կատարումները: Փառատօնին ընթացքին պիտի պատրաստուի բանջարով հաց, պիտի թխուի լաւաշ, ինչպէս նաեւ աւանդական թանի հիւրասիրութիւն պիտի ըլլայ՝ կաւէ ամաններով:

ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ՆՈՐԱՄՈՒԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի նոյնպէս պիտի իրականացուին տարբեր ազգային խաղեր, սակայն անոնք պիտի չկրկնուին: Այս տարի պիտի ըլլան չրչմանքի, քարխանայ լուալու արարողութիւն, շաշկի եւ ճատրակ:

ՕՏԱՐԵՐԿՐԱՑԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐԸ

Վերջին երեք տարիներուն ամենաշատ զբօսաշրջիկները եղած են Ռուսաստանէն, Գերմանիայէն, ինչպէս նաեւ Լեհաստանէն, Չինաստանէն, Ճաբոնէն:

Քանի որ ժամանակահատուածն ալ կը համընկնի զբօսաշրջական եղանակին հետ, այդ իսկ պատճառով յստակ դժուար պիտի ըլլայ ըսել, թէ, ընդհանուր առմամբ, աւելի շատ ուրկէ՛ պիտի գան զբօսաշրջիկները։

ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՂ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Փառատօնին մասնակցելու համար՝ զբօսաշրջական տարբեր գործակալութիւններէ կը հետաքրքրուին, թէ թութ թափ տալու արարողութիւն պիտի ըլլայ: Անցեալ տարի զբօսաշրջիկները մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին այդ արարողութեան, եւ անոնք ամենաշատը տպաւորուած են ատով: Անցեալ տարի Գորիսի թատրոնի դերասանները կազմակերպած էին փոքրիկ բեմադրութիւն, ուր կը պատմուէր Քարահունջ գիւղի ընտանիքի մը մասին: Զբօսաշրջիկները նաեւ շատ կը հետաքրքրէ մեր ազգային կերակրատեսակներն ու թութի անուշը, եւ անոնք հաճոյքով կը մասնակցին անոնց պատրաստման վարպետաց դասերուն:

Երեքշաբթի, Յուլիս 3, 2018