ՊԱՔՈՒ-ԹԻՖԼԻԶ-ԿԱՐՍ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻԻՆ ՄԻՋՈՑԱՒ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ՀԱՑԱՀԱՏԻԿ ՓՈԽԱԴՐՈՒԵՑԱՒ

Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղին առաջին անգամ օգտագործուեցաւ հացահատիկի փոխադրման նպատակով։ Քոնթէյնըրներու բեռցուած հացահատիկը Ռուսաստանէն դէպի Կարս տեղափոխեց հացահատիկ։ Ռուսաստանի Օրեմպուրկ քաղաքի Սարա կայարանէն ճանապարհ դուրս եկաւ գնացքը, որ Հարաւային Ուրալի ուղղութիւննով հասաւ Ախալքալաք, ուր գնացքը անիւներու փոփոխութենէն վերջ բեռը ճանապարհ դուրս եկաւ դէպի Կարս։ Խնդրոյ առարկայ բեռը բնականոն ձեւով հասաւ Կարսի կայարանը։ Կը հաղորդը-ւի, որ այս փոխադրութեան ընթացքին օգտագործուեցան յատկապէս հացահատիկի համար նախատեսուած մասնաւոր վակոններ։

Հարկ է նշել, որ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս ուղղութեան վրայ ցարդ կատարուած բոլոր բեռնափոխադրումները իրականացուած են քոնթէյնըրներով։ Ախալքալաքի կայարանէն ներս այդ քոնթէյնըրները կը դրուին Թուրքիայէն մեկնած հարթակներու վրայ եւ գնացքները կը շարունակեն իրենց ճանապարհորդութիւնը։

Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղին շահագործման յանձնուած էր 30 հոկտեմբեր 2017 թուականին։ Անոր երկարութիւնը կը կազմէ 846 քիլօմեթր, որու 504 քիլօմեթրը կը գտնուի Ատրպէյճանի տարածքէն ներս, 263 քիլօմեթրը Վրաստանի մէջ ու մնացեալ 79 քիլօմեթրն ալ Թուրքիոյ մէջ։

Ինչպէս ծանօթ է, այս երկաթուղին տարածքաշրջանի նոր ենթակառուցուածքներէն մին է, որ կը շրջանցէ Հայաստանը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 3, 2018