TANAP-Ի ՄԻՋՈՑԱՒ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԲՆԱԿԱՆ ԿԱԶ ԱՌԱՔՈՒԵՑԱՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԷՆ ԴԷՊԻ ԹՈՒՐՔԻԱ

Անդրանատոլեան բնական կազի խողովակաշարին (TANAP) միջոցաւ առաջին անգամ Ատրպէյճանի բնական կազը առաքուեցաւ դէպի Թուրքիա։ «Սփութնիկ»ի հաղորդումներով, Հարաւային կազի հոսքի ընդհանուր տնօրէն Իսայեւ տեղեկացուց, որ 30 յունիս 2018 թուականի դրութեամբ դէպի Թուրքիա առեւտրական նպատակով առաջին կազի առաքումը սկսած է։ Ըստ ընդհանուր տնօրէնի բացատրութիւններուն, ընկերութիւնը միջազգային յառաջատար ելմտական հաստատութիւններէն օժանդակութիւն կը ստանայ։ Այս առաջին առաքումով արդէն կեանքի կոչուած է TANAP ծրագրի «0» փուլը։

Բաց աստի, Իսայեւ տեղեկացուց, որ մօտաւոր ապագային Թուրքիոյ վրայով դէպի Եւրոպա բնական կազի առաքումները պիտի սկսին եւ համապատասխան աշխատանքները կը շարունակուին ծրագրուած հունին մէջ։

Հարաւային կազի նրբանցքով Ատրպէյճանի «Շահտենիզ 2» հանքի բնական կազը Թուրքիոյ վրայով պիտի տեղափոխուի Եւրոպա։

Երեքշաբթի, Յուլիս 3, 2018