ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԱԿԷՏԷ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակուածներու մեծամասնութիւնը կը գտնուի հինգ քաղաքի մէջ։ Այդ հինգ քաղաքներն են՝ Իսթանպուլ, Անգարա, Կազիանթէպ, Քոնիա եւ Պուրսա։ Վերջին երկու օրերուն Պուրտուրի եւ Կիւմիւշհանէի մէջ բնաւ նոր դէպք չէ արձանագրուած։

Նախարար Քոճա երէկ ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վիճակագրական վերջին տուեալները։ Այսպէս, երէկուան դրութեամբ 49 հազար 714 քննութիւն կատարուեցաւ Թուրքիոյ մէջ եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1186 նոր վարակեալ։ Նոյնպէս երէկուան դրութեամբ եւս 17 հոգի զոհ գնաց քորոնաժահրի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1543։ Վիճակագրական տուեալները հրապարակելու առընթեր Ֆահրետտին Քոճա շեշտեց, որ կ՚աւելնան այն երեւոյթները, որոնք հանրային առողջութեան տեսակէտէ վտանգ կը սպառնան։

Թուրքիոյ մէջ ներկայիս խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի 1067 վարակեալ։ 372 վարակեալ կապուած է արհեստական շնչառութեան սարքի։

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2020