ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ԳՐԱՌՈՒՄԸ

Վերջին մի քանի օրերուն ընթացքին, իտալական մամուլը յաճախակիօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ իտալական «Ա. Էս. Ռոմա»ի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի մասին, յայտնելով, որ ան իր պայմանագրութիւնը պիտի խզէ իր ակումբին՝ «Արսենալ»ի հետ եւ ազատ գործակալի կարգավիճակով, վերջնականապէս պիտի միանայ իտալական կազմին, որուն հետ ան ինքզինք շատ աւելի ուրախ կը զգայ:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին մէջ Հենրիխ Մխիթարեան գրած է, որ ուրախ է «Ռոմա»ի հետ իր աշխատանքը շարունակելու համար: «Պատմութիւնս «Ռոմա»ի հետ կը շարունակուի: Գոհ եմ, որ համաձայնութեան հասած ենք պայմանագրի հարցով եւ յաջորդ մրցաշրջանի հետ կապուած նախնական գործարք ունինք: Կան նպատակներ, որոնց կ՚ուզեմ հասնիլ «Ռոմա»ի կազմին հետ: Առա՜ջ, «Ռոմա»», գրած է հայկական ֆութպոլի արդի աստղը:

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2020