ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ԵՒ ԼՈՆՏՈՆԻ ՋԱՆՔԵՐԸ ՄԻՇՏ ԱՊԱՐԴԻՒՆ
Եւրոմիութեան եւ Անգլիոյ միջեւ BREXIT-ի վերաբերեալ բանակցութիւններու վերջին փուլն ալ մնաց ապարդիւն։ ԵՄ-ի BREXIT-ի գծով աւագ բանագնաց Միշել Պառնիէ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն վերջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ըստ իրեն, սահմանափակ թիւով մասնագէտներու հետ երես երեսի իրականացած բանակցութիւններու աւարտին կարելի չէ եղած շօշափելի զարգացում մը արձանագրել։ «Մեր նպատակն էր համաձայնութեան հասնելու համար արագ բանակցութիւններ վարել։ Հակառակ չորս օր տեւած քննարկումներուն, նկատելի տարբերութիւններ չկան», ըսաւ Պառնիէ եւ աւելցուց, որ բանակցութիւնները յառաջիկայ շաբաթ Լոնտոնի մէջ պիտի շարունակուին եւ համաձայնութիւնը բոլոր կողմերուն տեսակէտէ նպաստաւոր պիտի ըլլայ։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Միշել Պառնիէ դիտել տուաւ, որ Անգլիոյ հետ համաձայնութեան մը հասնելու համար անհրաժեշտ է՝ առեւտուրը իրականացնել արդար մրցակցութեան միջավայրի մէջ, տեւական ու հաւասարակշռուած համաձայնութեան մը հասնիլ ձկնորսութեան բնագաւառի պարագային եւ ստեղծել շրջանակ մը, որու պայմաններով հնարաւոր պիտի ըլլայ յաղթահարել անհամաձայնութիւնները։
Եթէ մինչեւ տարեվերջ կողմերը չկարողանան համաձայնութեան մը հասնիլ՝ իրենց ապագայ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար, ապա Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան կանոններուն պիտի հետեւին։ ԵՄ-ի եւ Անգլիոյ բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան զանազան նիւթեր՝ առեւտուրէ, ձկնորսութենէ եւ անասնապահութենէ սկսեալ, մինչեւ դեղօրայքն ու անվտանգութիւնը։