ՔԱՆՈՆԱՀԱՐՈՒՀԻ ՄԱՐԻԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ ԲԱՑԱՌԻԿ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան համաշխարհային WORLD FOLK VISION հեղինակաւոր մրցոյթ-փառատօնին յաղթանակ արձանագրած է՝ զբաղեցնելով առաջին հորիզոնականը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին Գէորգեան տեղեկացուցած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին մէջ։

«Համաշխարհային WORLD FOLK VISION մրցոյթ-փառատօնին արձանագրեցինք յաղթանակ: Առաջին հորիզոնականով պատուաւոր ԳԼԽԱՒՈՐ մրցանակ: Խորին շնորհակալութիւնս բոլորին», գրած է քանոնահարուհին:

Ինչպէս ծանօթ է, առցանց հարթակի վրայ տեղի ունեցած այս մրցոյթին մասնակցելու ժամանակ Մարիաննա Գէորգեան ներկայացուցած է ազգային  նուագարան քանոնը՝ կատարելով Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւնը։ Ընտրութիւնը տեւած էր մէկ ամիս: Մրցոյթին մասնակցած էր 115 երկրէ 3950 ներկայացուցիչ, բայց կիսաեզրափակիչ փուլ բարձրացած էր 180-ը՝ 60 երկրէ: Անոնց շարքին տեղ գրաւած են նուագախումբեր, երգչախումբեր եւ անհատ կատարողներ:

Մարիաննա Գէորգեան ուսանած եւ բացառիկ յաջողութեամբ աւարտած է Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցը։ Ան հանրապետական, միջազգային մրցոյթ-փառատօներու ընթացքին արժանացած է ոսկէ մետայլի։ Կ՚աշխատի «Կոմիտաս» քամերային երաժշտութեան տան «Տաղարան» հնագոյն երաժշտութեան համոյթին հետ։

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2020