ԴԵՍՊԱՆ ՏՈԼՄԱՃԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՖՐԱՆՍՈՒԱ ՕԼԱՆՏԻ ՀԵՏ

Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հետ։ Հայկական դեսպանատան աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։ Յասմիկ Տոլմաճեան ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած անվտանգային ու մարդասիրական խնդիրները՝ ներառեալ գերիներու ի պահ դրուիլը։ Դեսպան Տոլմաճեան Օլանտին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերուած շարունակական աջակցութեան եւ Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ ունեցած ներդրման համար։

Շաբաթ, Յուլիս 3, 2021