ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

Էսաեան վարժարանէն ներս վերջերս տեղի ունեցան միջնակարգի եւ լիսէի բաժիններու շրջանաւարտներու հրաժեշտի արարողութիւնները։ Այսպէս, 8-րդ եւ 12-րդ դասարաններու ընթացաւարտները դպրոցի պարտէզէն ներս կազմակերպուած բացօթեայ արարողութիւններով ստացան իրենց վկայականները։ Երկու հանդէսներուն ալ ներկայ գտնուեցաւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ եւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ։ Շրջանաւարտները հերթական անգամ մեծ ոգեւորութեամբ երգեցին «Ողջոյն տաճար»ը։

Միջնակարգի շրջանաւարտից հանդիսութեան ընթացքին շնորհաւորութեան խօսք մը արտասանեց տնօրէնուհի Անիլտա Մենեքշէ։ Այս բաժնի ներկայ տարեշրջանի յաջողագոյններն էին՝ Մանուկ Շանթ Տիքիճի, Ալին Մենեւիշ, Մելիս Պուլկուր, Լիա Եուրթկիւլիւ։

Հանդէսի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը եւ տղաքը ծափողջոյններու ներքեւ հատեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։

Լիսէի բաժնի շրջանաւարտից հանդէսին մասնակցեցաւ նաեւ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Երաժշտութեան ուսուցիչ եւ դպրոցի համակարգող Մուրատ Իչլինալչայի գլխաւորութեամբ տղաքը երգեցին քայլերգը՝ մինչ իրենց ուղղեալ շնորհաւորութեան խօսքերով հանդէս եկան տնօրէնուհի Ազնիւ Կիւրկէն եւ Սիմոն Չեքէմ։ Մեներգեցին Նաթալի Մաշալը եւ Քարլա Աճեմօղլու, որ սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց իր շրջանաւարտ ընկերներուն անունով։

Այս տարուայ յաջողագոյններն էին՝ Մելիսա Տուրու Աճեմօղլու, Սայաթ Քուշ եւ Նաթալի Մաշալը։

Շրջանաւարտներուն առընթեր, թաղային խորհուրդին կողմէ յուշանուէրներ ստացան դպրոցի զանազան դասարաններէն աշակերտներ՝ Իլայտա Լարա Պօղոսեան, Սարեմ Նիքոլ Գույումճեան, Ալէն Նշան, Գարին Տէյիրմենճի եւ Ժասմին Սաման, որոնք անցեալ շրջանին զանազան մարզերու մէջ յաջողութիւններ արձանագրած էին։

Հանդէսին յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին բոլորը շնոհաւորանքներով ու բարեմաղթանքներով համտեսեցին շրջանաւարտներու կողմէ հատուած կարկանդակը։

Շաբաթ, Յուլիս 3, 2021