ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ Անգարայի մէջ տեսակցեցաւ Արեւելեան եւ Հարաւ-արեւելեան Անատոլուի քաղաքներու շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Չանքայայի ապարանքին մէջ, նախաճաշի սեղանի շուրջ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ կարգ մը նախարարներ եւ երեսփոխաններ։
Վարչապետ Տավուտօղլու այս հաւաքոյթին ընթացքին անդրադարձաւ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ), ՓՔՔ եւ այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ, Թուրքիոյ կողմէ ձեռնարկուած լայնածաւալ պայքարին։ Տավուտօղլու ընդգծեց, թէ վերջին տասներեք տարիներուն ընթացքին իրենք միշտ դէմ եղած են միօրինակութեան, յարգ ցոյց տուած են տարբերութիւններուն նկատմամբ եւ առանց այդ տարբերութիւններուն վրայով հակադրութիւններ ստեղծելու՝ որդեգրած են սրտերը միացնելու նպատակը։ Քրդական արմատներով հայրենակիցներու խնդիրներու լուծման ուղղեալ գործընթացի հիմքին մէջ ալ կը գտնուէր այս մօտեցումը։ Այս հիման վրայ ան անդրադարձաւ վերջին ընտրութիւններուն յաջորդած մթնոլորտին մէջ ապրուածներուն եւ քննադատութիւններ ուղղեց ՀՏՓ-ին եւ անոր համակուսակցապետ Սելահատտին Տէմիրթաշին։
Այս հաւաքոյթէն վերջ, մասնակիցներուն անունով յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Քիւրտ ժողովրդավարներու հարթակի նախագահ Սերթաչ Պուճաք։ Սոյն յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, թէ լուծման գործընթացը կրնայ վերադառնալ իր հունը՝ եթէ ՓՔՔ արտասահման դուրս բերէ իր զինեալները։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ կը շարունակուին ՓՔՔ-ի բռնարարքները։ Հանրային կարծիքը ցասումով եւ ազգային միասնական տրամադրութեամբ կը հետեւի ահաբեկչական արարքներու հետեւանքով նահատակուած ոստիկաններու եւ զինուորներու յուղարկաւորութիւններուն, որոնց միշտ մասնակցութիւն կը բերուի նաեւ կառավարութեան անդամներուն կողմէ։