ԱՐՏԱՒԱԶԴ ՓԵԼԵՇԵԱՆ «ՄՈՍԿՈՒԱ» ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ԴԱՀԼԻՃԻՆ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԻՐ ՀԱՄԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Երեւանի «Մոսկուա» շարժանկարի դահլիճին մէջ նախընթաց երեկոյեան իր համակիրներուն հետ մէկտեղուեցաւ յայտնի շարժանկարի բեմադրիչ Արտաւազդ Փելեշեան։ Երեկոյթին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ յայտնի երաժշտագէտ Տիգրան Մանսուրեան, որ իր ողջոյնի խօսքին մէջ ըսաւ. «Փելեշեանի անցաթուղթը մեր անցաթուղթն է աշխարհի մէջ, մշակոյթի աշխարհին մէջ»։ Բաց աստի, Տիգրան Մանսուրեան նշեց, թէ Արտաւազդ Փելեշեանի տարած յաղթանակը շարժանկարի ու հայ ոգիի յաղթանակն է։
Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցան բեմադրիչի ստեղծագործութիւններէն չորս ֆիլմեր, որոնց ներկայացման աւարտին մասնակիցները առիթն ունեցան հարցումներ ուղղելու Փելեշեանին։ Գեղարուեստասէրներու մեծ հետաքրքրութեան առարկայ դարձաւ այս ձեռնարկը եւ Արտաւազդ Փելեշեան իր համակիրներու հարցումներուն պատասխանեց ամբողջութեամբ լեցուն դահլիճի մը մէջ։ Զրոյցի ընթացքին Փելեշեան սկսնակ բեմադրիչներուն խորհուրդ տուաւ իրենց առաջին աշխատանքը ստեղծագործելու ժամանակ։ Սա կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։ Իր ուրոյն ոճով, Փելեշեան բոլոր հարցումներուն պատասխանեց շատ կարճ ու դիպուկ։ Ան նշեց, թէ կերպարուեստն ալ բնականաբար ազդեցութիւն գործած է իր ստեղծագործութիւններուն վրայ, սակայն այդ ծիրին մէջ չփափաքեցաւ մասնաւորապէս առանձնացնել որեւէ նմոյշ։ Իսկ իր բեմադրած ժապաւէններու շարքին ան առանձնացուց «Կնքահայրը»։
Անդրադառնալով «Փելեշեանի լռութիւնը» ֆիլմին՝ յայտնի վարպետը ըսաւ. «Ես կը կարծէի, որ այդ ֆիլմին մէջ պիտի բացայայտուէին իմ լռութեան պատճառները։ Բայց այդ ֆիլմին բեմադրիչն ալ ինձմէ բան սորվեցաւ եւ լռեց», ըսաւ Փելեշեան։
Ձեռնարկի աւարտին երեկոյթի կազմակերպման կապակցութեամբ Արտաւազդ Փելեշեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանին։