ՌԻԱՏ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԻՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ ՓՈԽԵԼ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՀԱՆԴԷՍՊ. ԻՆՉՈ՞Ւ

Սպա­սե­լի էր, որ Սու­րիոյ տագ­նա­պին ա­ռըն­չուող «հո­վա­նա­ւո­ր» եր­կիր­նե­րը նոր քա­ղա­քա­կան ձե­ւա­չա­փեր որ­դեգ­րեն: Նոր մօ­տե­ցում­նե­րու հիմ­նա­կան դրոյթ­նե­րը ար­դէն պատ­րաստ են: Կը մնար լսել գաղտ­նա­բա­ռը եւ հասկ­նալ ա­նոր ի­մաստ­նե­րը: Մի քա­նի ա­միս ա­ռաջ ընդ­դի­մու­թեան ի­րա­կա­նա­ցու­ցած յա­ռաջ­խա­ղաց­ը ա­րա­գօ­րէն կը վե­րա­ծուէր ձե­ւա­կան ընդ­միջ­ման մը: Բո­լոր կող­մե­րը դար­ձեալ կը վե­րա­դառ­նա­յին ի­րենց նախ­կին «կար­միր գի­ծե­ր­»ուն, իսկ Դա­մաս­կո­սի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող հա­մա­ժո­ղո­վի մը (չմոռ­նամ ը­սել, որ Դա­մաս­կո­սը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր դադ­րած էր հա­մա­ժո­ղով­նե­րու ա­կա­նա­տես ըլ­լա­լէ) ըն­թաց­քին, խօսք առ­նե­լով Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սատ ա­ռա­ջին վա­ւե­րա­կան նշա­նը ցոյց կու տար՝ իր դէմ հա­կադ­րուած Ռիա­տի ղե­կա­վա­րու­թեան:

Խոր­քին մէջ ինչ «կը պատ­գա­մէ­ր» Է­սատ: Ան կու գար յայ­տա­րա­րե­լու, որ հա­կա­ռակ տա­րուան ծանր պա­տե­րազ­մին, Սու­րիոյ ազ­գա­յին բա­նա­կը կը շա­րու­նա­կէ մնալ պա­տե­րազ­մա­կան դաշ­տին գլխա­ւոր եւ ա­նտե­ղի­տա­լի ու­ժը: Ճիշդ է, որ բա­նա­կը Է­սա­տի իսկ վկա­յու­թեամբ յայտ­նուած էր դժուա­րին պայ­ման­նե­րու մէջ, սա­կայն այդ չի նշա­նա­կեր, որ իշ­խա­նու­թեան մօտ պայ­քա­րը շա­րու­նա­կե­լու նե­րուժ կը պակ­սի: Է­սատ նաեւ կը խօ­սէր Սու­րիոյ տագ­նա­պին քա­ղա­քա­կան լուծ­ման հե­ռան­կար­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թեան մա­սին: Ան կ­­՚ը­սէր, որ ինք իր ժո­ղո­վուր­դին հետ ան­կեղծ պի­տի ըլ­լայ ու յայտ­նէ, որ մին­չեւ իր խօս­քը ներ­կա­յաց­նե­լու ժա­մը, ո՛չ մէկ կողմ տագ­նա­պի լուծ­ման հա­մար պատ­րաստ է լուրջ մօ­տե­ցում­ներ սե­ղա­նին վրայ դնե­լու: Ար­դէի եր­կար ա­տե­նէ ի վեր տե­ղի չէին ու­նե­նար Սու­րիոյ հար­ցով Ժը­նե­ւի եւ Մոս­կուա­յի հան­դի­պում­նե­րը: Ա­նոնց շուրջ ըն­թա­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը նոյ­նիսկ դար­ձած էին ա­նի­մաստ ու կեղծ: Է­սատ լաւ կը հասկ­նայ շրջա­նի «ցա­ւը» ու գի­տէ նաեւ, որ ա­ռանց սիւն­նի կող­մին հա­ւա­նու­թեան, ինչ որ ալ ըլ­լան Ի­րան-Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ հա­մա­ձայ­նու­թեան եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րը կամ ար­դիւնք­նե­րը, անհ­նար է Սու­րիոյ մէջ խնդրի լուծ­ման մա­սին խոր­հիլ՝ ա­ռանց ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի կար­ծի­քին ու կեցուած­քին:

Սու­րիոյ նա­խա­գա­հը կիր­քով չէր մօ­տե­նար հար­ցե­րուն: Այս­տեղ պէտք է կա­րե­ւո­րել նաեւ Մոս­կուա­յի ու­նե­ցած դե­րը, որ նոյն­պէս անշր­ջան­ցե­լի է: Տա­րի մը տե­ւած Ռիատ-Մոս­կուա «տաք գի­ծ­»ով կա­յա­ցած հան­դի­պում­նե­րը հա­սած էին վճռա­կան փու­լի մը: Սըլ­ման Պըն Ապ­տըլ Ա­զիզ թա­գա­ւո­րա­կան ա­թո­ռին վրայ բազ­մե­լէ ետք, ա­ռիթ չէր փախ­ցու­ցած մէկ աչ­քը Մոս­կուա ուղ­ղե­լու: Ա­նոր յայտ­նի ու ան­յայտ բան­բեր­ներն ու բա­նագ­նաց­նե­րը փակ­ման հան­դիպ­ման մը հա­մար կը պատ­րաս­տէին կա­րե­ւոր եւ ա­ռանց­քա­յին հանգ­րուան մը: Այդ հան­դի­պու­մը կը կա­յա­նար 19 Յու­նի­սին, երբ Մոս­կուա կը ժա­մա­նէր Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ փոխ-գա­հա­ժա­ռանգ Մուհամ­մէտ իշ­խա­նը: Եր­կու կող­մե­րը լաւ կը հասկ­նա­յին, որ Սու­րիոյ տագ­նա­պին լուծ­ման հա­մար տա­րուող ընդ­հա­նուր ճի­գե­րը նե­տուած էին մո­ռա­ցու­թեան գիր­կը: Մինչ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ զբա­ղած էր Ի­րա­նով, ան­դին եւ­րո­պա­կան ըն­տա­նի­քը ա­մե­րի­կեան «կա­նաչ լոյ­ս­»ի մը բա­ցա­կա­յու­թեան հե­տե­ւան­քով, հան­գիստ աչ­քե­րով կը հե­տե­ւէր սու­րիա­կան վէր­քի ա­րիւ­նա­հո­սու­մին: Բազ­մա­թիւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու կու յան­գէին Մոս­կուա­յի մէջ կա­յա­ցած հան­դիպ­ման՝ տրուած ըլ­լա­լով, որ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին սոյն պատ­մա­կան հան­դի­պու­մէն օ­րեր վերջ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը ը­նե­լով՝ կ­­՚ը­սէր, որ Ռու­սաս­տա­նի Սու­րիոյ ու ա­նոր իշ­խա­նու­թեան հան­դէպ առ­կայ կեցուած­քը ան­փո­փոխ է: Նախ­քան դէ­տե­րուն ար­ձա­գանգ­նե­րը, Ռիա­տի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը լաւ գի­տէին Մոս­կուա­յի «կարծ­ր» կե­ցուած­քին մա­սին ու ա­նոնք Քրեմ­լի­նի դռնե­րը կը թա­կէին, գործ­նա­կան ա­ռա­ջարկ­նե­րու ան­սա­լու հա­մար:

Այս­պէս, 29 Յու­նի­սին Մոս­կուա կը ժա­մա­նէր Սու­րիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ո­ւա­լիտ Մուալ­լէմ, ո­րու այ­ցէն ա­միս մը ետք՝ Յու­լի­սի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, այս ան­գամ ռու­սա­կան յա­տուկ օ­դա­նա­ւէ մը Սու­րիոյ ազ­գա­յին անվտան­գու­թեան թիւ մէկ պա­տաս­խա­նա­տուն ՝ զօ­րա­վար Ա­լի Մեմ­լուք կ՚ուղ­ղուէր դէ­պի Ռիատ: Ան կ՚ըն­դու­նուէր փոխ-գա­հա­ժա­ռանգ Մու­համ­մէտ Պըն Սըլ­մէ­նի կող­մէ ու հան­դիպ­ման ներ­կայ կ­­՚ըլ­լար նաեւ սէու­տա­կան գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան պետ զօ­րա­վար Սա­լէհ Հը­մայ­տան: Կող­մե­րը զի­րար այ­պա­նե­լէ եւ մե­ղադ­րե­լէ ան­դին կ­­՚ո­րո­շէին հան­դի­պում­նե­րը շա­րու­նա­կել եւ քննար­կում­նե­րը կա­տա­րել ա­ւե­լի լայն ձե­ւա­չա­փե­րով: Ըստ լի­բա­նա­նեան «Ալ Ախ­պա­ր» օ­րա­թեր­թին, սու­րիա­կան կող­մը ա­ռանց բա­ռե­րը ծամծ­մե­լու կը մե­ղադ­րէր Ռիա­տը Սու­րիան «քան­դե­լու» ուղ­ղու­թեամբ, իսկ սէու­տա­կան կող­մը բա­ցի սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին դէմ կի­րա­ռուած մօ­տե­ցում­նե­րը եւ երկ­րին մէջ բա­րե­փո­խում­ներ չկա­տա­րե­լը մե­ղադ­րե­լէ, կը յայ­տնէր, որ Ռիատ-Դա­մաս­կոս կա­պե­րը վատ­թա­րա­ցան, ո­րով­հե­տեւ Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը հե­տե­ւե­ցան Ի­րա­նի եւ լի­բա­նա­նեան «Հիզ­պուլ­լահ»ին: Հե­տաքրք­րա­կան է, որ իր դէմ այս­քան ծանր մե­ղադ­րանք­ներ հնչեց­նե­լէ ետք եր­կու մայ­րա­քա­ղաք­նե­րը՝ Դա­մաս­կոս եւ Ռիատ վճռած են շա­րու­նա­կել այս քըն-նար­կում­նե­րը: Բնա­կա­նա­բար այս տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն հրա­պար­կու­մը տե­ղի կ՚ու­նե­նար նաեւ կող­մե­րուն ա­ռա­ջադ­րան­քով:

Այս բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով՝ պարզ կը դառ­նայ, որ Ռիատ կտրա­կա­նա­պէս կը մի­տի իր քա­ղա­քա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը փո­խել Սու­րիոյ հար­ցով: Եւ այս որ­դեգ­րուե­լիք նոր կե­ցուածք­նե­րը կրնան ա­րա­գօ­րէն ե­րե­ւիլ ու ազ­դել առ­կայ ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճակ­նե­րուն վրայ:

Եր­կու տէ­րու­թիւն­նե­րն ալ լաւ գի­տեն, որ ա­ռանց ի­րենց հա­մա­ձայ­նու­թեան անհ­նար է լու­ծում­ներ շա­րադ­րել Սու­րիոյ մէջ: Այս ձե­ւա­չա­փին վրայ պէտք է ա­ւելց­նել նաեւ, որ յետ այ­սու Ռիատ կո­չուած է կա­րե­ւոր դե­րի մը. ան իր դաշ­նա­կից­նե­րը՝ նե­րա­ռեալ Թուր­քիան, պի­տի հա­մո­զէ, որ Պե­շար Է­սատ պի­տի շա­րու­նա­կէ մնալ իշ­խա­նու­թեան վրայ, ո­րով­հե­տեւ Մոս­կուա­յի թե­լադ­րան­քով եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի հա­մա­ձայ­նու­թեամբ ա­նոր ներ­կա­յու­թիւ­նն ու դե­րը կեն­սա­կան են:

Իսկ ի՛նչն էր պատ­ճա­ռը, որ Ռիատ շատ փրակ­մա­թիք մօ­տե­ցու­մով մը աչ­քե­րը ուղ­ղէ դէ­պի Դա­մաս­կոս ու իր «գիր­կի­ն» մէջ ըն­դու­նէ սու­րիա­կան ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­նե­րու կա­րե­ւո­րա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ զօ­րա­վար Ա­լի Մեմ­լու­քը։ Այս մա­սին կ­­՚ար­ժէ խօ­սիլ այլ ա­ռի­թով մը:

Սու­րիոյ տագ­նա­պին ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին այս հանգ­րուա­նը կրնայ նոյն­պէս լե­ցուն ըլ­լալ ա­կա­նա­դաշ­տե­րով, սա­կայն մէկ բան պարզ է, որ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին եր­կա­րաձ­գուի­լը սկսած է ա­նի­մաստ դառ­նալ «հո­վա­նա­ւո­ր» եւ «մաս­նա­կի­ց» հա­մա­րուող տէ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար:

Ռիատ այս ձե­ւա­չա­փով կը մօ­տե­նայ: Ու ա­նոր քա­ղա­քա­կան վե­րան­խա­ւը յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ­նե­րուն կամ ա­միս­նե­րուն կտրուկ քայ­լեր պի­տի առ­նեն եւ խնդիր­նե­րը պի­տի դի­տեն Դա­մաս­կո­սի պա­տու­հա­նէն նա­յե­լով...

Չմոռ­նանք, որ պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տէն ետք գա­լիք հանգ­րուա­նի ա­մե­­նէն գրա­ւիչ օ­ղա­կը Սու­րիոյ մէջ ըն­թա­նա­լիք վե­րա­շի­նու­թեան ընդ­հա­նուր գոր­ծըն­թացն է ու յատ­կա­պէս սու­րիա­կան «կոյ­ս» կա­զի հան­քե­րու շա­հա­ւէտ օգ­տա­գործ­ման խնդի­րը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 3, 2015