ԲԱՐԴ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԻՒՆ
Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ ներկայ ձիւնահալը կրնայ կարեւոր ազդեցութիւն գործել ուժանիւթի միջազգային հաւասարակշռութիւններուն վրայ։ Ծանօթ է, որ Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման մթնոլորտին մէջ վերջին օրերուն յայտարարուեցաւ, թէ «Թրքական հոսք» կազամուղ խողովակաշարի կառուցման նախագիծը հաւանաբար վերականգնուի։ Այսպէսով կը ծրագրուի Ռուսաստանի բնական կազը Թուրքիոյ վրայով փոխադրել դէպի Եւրոպայի հարաւային շրջանները։ «Ռէօյթըրզ» գործակալութեան հաղորդումներով, Եւրոմիութեան շրջանակներէն ներս այս հեռանկարը յառաջացուցած է տագնապ մը։ ԵՄ-ի դիւանագիտական աղբիւրները այդ մտահոգութիւնները կը հիմնաւորեն զանազան հանգամանքներով։ Ամենակարեւորը այն է, որ Պրիւքսելի ենթադրութիւններով նոր կազամուղ խողովակաշարը պիտի ամրապնդէ Մոսկուայի դիրքերը։ Եւրոպացի դիւանագէտներու կանխատեսումներով՝ «Թրքական հոսք»ի գործարքման հիման վրայ Ուքրայնա պիտի զրկուի դէպի Եւրոպա կազի տարանցիկ երկիր մը ըլլալու կարգավիճակէն։ Բաց աստի, պիտի աւելնայ Եւրոմիութեան կախուածութիւնը՝ ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութենէն, ներառեալ Կասպեան տարածքաշրջանէն։ Այս առանցքի պարագային ալ կայ մտահոգութիւն, թէ Ատրպէյճանէն բնական կազի այլընտրանքային մատակարարումները պիտի փակուին։
«Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նոր բարեկամութիւնը կրնայ խնդրայարոյց դառնալ, եթէ Ռուսաստան փորձէ Ուքրայնան փոխարինել Թուրքիայով», յայտնած է Եւրոմիութեան բարձրաստիճան դիւանագէտներէն մին։
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Անգարա շահագրգռուած է Ռուսաստանէն աժան սակագինով կազ ապահովելով։ Ուստի, հաւանական է, որ շարք մը խնդրայարոյց պահանջներ ներկայացուին Եւրոմիութեան։ Այս պայմաններուն ներքեւ, Եւրոմիութիւնը ուշադրութեամբ պիտի հետեւի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի մօտալուտ հանդիպման, որ նախատեսուած է Օգոստոսի 9-ին։ Այդ տեսակցութեան ընթացքին հաւանական է, որ երկու նախագահները համաձայնութեան հասնին «Թրքական հոսք» ծրագրին շուրջ։
ԹԵՀՐԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
Միւս կողմէ, վերջին օրերուն զանազան աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Թեհրանն ալ կը պատրաստուի նոր նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ՝ դէպի Եւրոպա բնական կազի առաքման ուղղութեամբ։ Այսպէս, Իրան կը նախատեսէ իր բնական կազը հասցնել Ուքրայնա եւ այսպէսով մատակարարումներ կատարել դէպի ԵՄ-ի շուկայ։ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ եւս այս շրջանին շփումներ յառաջ կը տարուին՝ բնական կազի տարանցման նպատակով։