ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔՆԵՐ ՈՒ ԵՐԹԵՐ

«Սաս­նայ ծռեր» զի­նեալ­նե­րու խում­բին կող­մէ Ե­րե­ւա­նի մեր­ձա­կայ­քին բռնագ­րա­ւուած ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րո­նի ա­զա­տուե­լուն զու­գա­հեռ Հա­յաս­տա­նի պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը ձեռ­նար­կեն անհ­րա­ժեշտ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու։ Կը հա­ղոր­դուի, որ զի­նեալ­նե­րու խում­բի ան­դամ­նե­րուն հա­մար կ՚ա­ռա­ջադ­րուին մե­ղադ­րանք­ներ։ Բաց աս­տի, ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րո­նի բռնագ­րաւ­ման օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած հան­հա­րա­ւաք­նե­րուն եւ եր­թե­րուն ժա­մա­նակ դէպ­քեր հրահ­րած շարք մը ա­նուն­ներ ալ կա­լա­նա­ւո­րուե­ցան եր­կու ա­մի­սով։ Ա­նոնք են՝ «Ժա­ռան­գու­թիւն» կու­սակ­ցու­թեան փոխ-նա­խա­գահ Ար­մէն Մար­տի­րո­սեան, բան­բեր Դա­ւիթ Սա­նա­սա­րեան, նախ­կին բան­բեր Յով­սէփ Խուր­շու­տեան, ինչ­պէս նաեւ նա­խա­գա­հի նախ­կին թեկ­նա­ծու Անտ­րիաս Ղու­կա­սեան։

Մինչ այդ, շա­բա­թա­վեր­ջին բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րուն ժա­մա­նակ ինք­նահր­կիզ­ման փորձ կա­տա­րած 58-ա­մեայ Քա­ջիկ Գրի­գո­րեան ե­րէկ մա­հա­ցաւ իր դար­մա­նուած հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ։

Միւս կող­մէ, Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին մէջ ընդ­դի­մու­թեան ցոյ­ցերն ու եր­թե­րը կը շա­րու­նա­կուին՝ ար­դէն իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն յանձ­նուած «Սաս­նայ ծռեր»ուն ի պաշտ­պա­նու­թիւն։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2016